Գլխաւորութեամբ՝ ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Տիար Վանիկ Տագէսեանին Հնչակեան պատուիրակութիւն մը մասնակից դարձած է Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակին նուիրուած մարդաշատ հաւաքին։
Նշենք, որ այս տարի լրացաւ Ռ.Հարիրիի սպանութեան 20–րդ տարելիցը եւ այդ առթիւ ալ յատուկ խօսքով հանդէս եկած է Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Ռաֆիք Հարիրին։