image

Պէյրութի մէջ. Հայ Աւետարանական համայնքի յիշատակութեան պաշտամունքը (Լուսանկարներ)

Պէյրութի մէջ. Հայ Աւետարանական համայնքի յիշատակութեան պաշտամունքը (Լուսանկարներ)

Օրերս, ինչպէս ամբողջ Սփիւռքի տարածքին, նոյնպէս ալ Լիբանանի մէջ Հայ Աւետարանական եկեղեցին ոգեկոչած է Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ՝ ՄԱՀԱԵՄ-ի (Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն) պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը՝

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի յիշատակութեան առիթով Հայ Աւետարանական պաշտամունք մը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլ 2024ի առաւօտը, Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Պէյրութի եկեղեցիներու հովիւներու կազմակերպութեամբ, պաշտամունքին պատգամաբերն էր Պատուելի Ճօ Կարապետեան՝ Ա.Մ.Ն.էն։ Հայ Աւետ. Գոլէճի նուագախումբը եւ Պուրճ Համուտի Հայ Աւետ. Երկրորդական Վարժարանի («Շամլեան-Թաթիկեան») երգչախումբը գեղարուեստական փայլք տուին այս յիշատակութեան։

Վեր. Ժիրայր Ղազարեան Սաղմոս 54ի խօսքերով պաշտամունքը բացաւ, փոխասացաբար ժողովուրդը առաջնորդեց «Հաւատքի Յաղթութիւնը» (Եբր. 11) ընթերցուածով, եւ աղօթքով խնդրեց Աստուծմէ որ իր ներկայութիւնը կեդրոնը մնայ յիշատակութեան արարողութեան ընթացքին։ Յաջորդիւ Վեր. Հրայր Չօլագեան հաւատքի գերակայութիւնը շեշտեց իր աստուածաշնչական ընթերցումով (Հռովմ. 8.31-39)։ Ապա լարային նուագախումբը (Հենրի Իշխանեան, դաստիարակ) գեղեցիկ զգայունութեամբ նուագեց «Ատանայի Ողբը» եւ «Կիլիկիա»։ Վեր. Յովհաննէս Սվաճեան սրտանց աղօթք մատուց, Աստուծոյ բերելով հայ ազգին բոլոր յոյզերը, եւ խնդրելով որ Տէրը ազգը իր լոյսովը լուսաւորէ եւ առաջնորդէ։ Աշակերտական երգչախումբը, Նեկտար Փալազեանի խմբավարութեամբ եւ Շողեր Կրպոյեանի նուագակցութեամբ, ճաշակով եւ ներդաշնակութեամբ «Դարեր Անցան» (Այվազեան) եւ «Ով Արարիչ» (Թորոսեան) երգեցին։ Պաշտամունքի ընթացքին ներկաները նաեւ իրենց ձայները միացուցին հոգեւոր երգեր երգելով, Տիկ. Սիլվա Մնչերեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։

Օրուան պատգամաբերը, Պատ. Ճօ կարապետեան, իր խորհուրդները արտայայտեց Սաղմոս 13ի բառերով, «Ով Տէր, մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ»։ Նայելով անցեալի եւ ներկայի տխուր իրականութիւններուն, հարց տուաւ թէ ո՞վ օգնութեան պիտի հասնի, եթէ ոչ Աստուած ի՛նք։ Ցեղասպանութեան մէջ ինկածներուն չորցած ոսկորները վկայ են թէ միայն Աստուած հաւատարմաբար կը կենայ մեր կողքին, մնացորդ մը ապրեցնելով եւ անոնց յոյս տալով թէ ի՛նք ամէն չարութիւն պիտի դադրեցնէ եւ հատուցանէ անխտրաբար։ Պատ. Կարապետեան յորդորեց որ ժողովուրդին աչքերը միշտ Տէր Յիսուսի յարէ եւ իր լոյսին մէջ քալէ։

Պատգամէն վերջ նուիրահաւաքին համար Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան հրաւիրեց ներկաները որ առատաձեռնութեամբ տան տեղահանուած արցախցիներու օգնութեան ծրագրին։ «Հայր Մեր»ի երգեցողութենէն ետք, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հայ ժողովուրդը խաչեալ եւ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն հետեւելով ընդանայ, որմէ ետք ներկաները արձակուեցան Առաքելական Օրհնութիւնով։