image

Պայմանագրի կնքման ճանապարհին խոչընդոտը Ատրպէյճանի պահանջներն են. S&P Global Ratings

Պայմանագրի կնքման ճանապարհին խոչընդոտը Ատրպէյճանի պահանջներն են. S&P Global Ratings

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը մտած է տասնամեակներու ընթացքին իր ամենակառուցողական փուլը։

Այս մասին յայտարարած է S&P Global Ratings միջազգային վարկանիշային գործակալութիւնը։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացը թեւակոխած է վերջին տասնամեակներու ամենակառուցողական փուլը, սակայն բարձր մակարդակի քաղաքական հռչակագիրէն անցումը համապարփակ, իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած կարգաւորման կը մնայ անաւարտ»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

S&P-ի գնահատմամբ՝ 2025 թուականի օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կողմերու ստորագրած հռչակագիրը վճռորոշ առաջընթաց էր՝ երկու կողմերուն պարտաւորեցնելով փոխադարձ ճանաչման, սահմաններու արագացուած սահմանազատման եւ տարածաշրջանային փոխադրային ուղիներու վերականգնման։

Գործակալութիւնը նշած է, որ լիարժէք խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ճանապարհին քաղաքականապէս ամենազգայուն խոչընդոտը կը մնայ Ատրպէյճանի ակնկալիքը, որ Հայաստանը փոփոխութիւններ մտցնէ Սահմանադրութեան մէջ՝ անկէ հեռացնելով «Ղարաբաղի նկատմամբ հնարաւոր տարածքային յաւակնութիւններ ենթադրող դրոյթները»։ «Լայնամաշտապ հակամարտութեան վերսկսման վտանգը զգալիօրէն նուազած է, սակայն պաշտօնական խաղաղութեան պայմանագրի բացակայութիւնը կը նշանակէ, որ այդ գործընթացը մեծապէս կախուած է քաղաքական կամքի պահպանումէն եւ տեխնիկական բանակցութիւններու առաջընթացէն»,- նշած է գործակալութիւնը:

«Երկու երկիրներու կառավարութիւնները կը ծրագրեն 2026 թուականին կրճատել պաշտպանական ծախսերը, ինչ որ ռազմական լարուածութեան նուազման եւ խաղաղ գործընթացի քաղաքական զարգացման նկատմամբ վստահութեան եւս մէկ վկայութիւն է»,- ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ: