Ըստ աղբիւրին քահանան այս քայլին դիմած է հոգեկան մեծ ճնշումներու հետեւանքով։
Համացանցի ճամբով տարածուած է Լաթաքիոյ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ճօրճ Ռաֆիք Հաուշի անձնասպանութեան լուրը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։
Կը նշուի, որ 1956-ի ծնունդ քահանայի անձնասպանութեան լուրը տեղադրած է Սուրիոյ «Ալ Ուաթան» պարբերականի կայքը, որ նոյնպէս կը նշէ, որ դէպքէն ետք Լաթաքիոյ Մար Ճըրճիոս (Սուրբ Գէորգ) եկեղեցին ժամանած են ապահովական մարմիններ ու քահանան իր գրասենեակին մէջ սպաննած գտած։
Ըստ աղբիւրին քահանան այս քայլին դիմած է հոգեկան մեծ ճնշումներու հետեւանքով։