image

Պաքու կ՚ուզէ Գարեգին Բ-ն կրօնական առաջնորդներու հանդիպման հրաւիրել

Պաքու կ՚ուզէ Գարեգին Բ-ն կրօնական առաջնորդներու հանդիպման հրաւիրել

Այս տարեվերջին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ կրօնական առաջնորդներու հանդիպումը, որուն Ատրպէյճանը կ՚ուզէ հրաւիրել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը։

Այս մասին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, յայտարարած է Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն:

Անոր խօսքով՝ պիտի քննարկուի Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանդիպման հրաւիրելու հարցը:

«Ժամանակին ես անոր հրաւիրած էի Ատրպէյճան, ան եկաւ, մասնակցեցաւ կրօնական համագումարի», -ըսած է Փաշազատէն։