Ատպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ԹԱՍՍ գործակալութեան հետ զրոյցին յայտնած է, որ պաշտօնական Պաքուն դեռ յոյս ունի մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել Երեւանի հետ։
Պատասխանելով հարցին, թէ որ փուլ այժմ կը գտնուի հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի հետ կապուած գործընթացները, Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը նշած է․
«Այս պահուն խաղաղութեան հաստատման գործընթացը կանգ առած է Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան ոչ կառուցողական եւ ոչ անկեղծ դիրքորոշման պատճառով»։
Հաճիեւ կոչ ըրած է «հայկական ղեկավարութեան ընելու գլխաւոր քայլը՝ խաղաղութեան պայմանագրի տակ ստորագրութեամբ պաշտօնապէս արձանագրելու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, ներառեալ մեր երկրի Ղարաբաղեան տնտեսական շրջանը, եւ պարտաւորուիլ ապագային ձեռնպահ մնալու մեր երկրի ներքին գործերուն միջամտութենէ, ներառեալ՝ մեր ներքին հարցերէն, ինչպէս Ղարաբաղի մէջ ցեղային հայկական ծագմամբ մեր հայրենակիցներու հետ մեր փոխգործողութենէ, բնակչութեան այդ խումբի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման պատրուակով միջազգային հարթակներ դուրս ելլելէ»:
«Անոնք մեր քաղաքացիներն են, եւ անոնց իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները կ'ապահովուին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեամբ: Կարեւոր է, որ Հայաստան հրաժարի մեր երկրին մէջ անջատողականութիւնը ֆինանսաւորելու եւ բորբոքելու քաղաքականութենէ», - նշած է պաշտօնեան: