Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 9 օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին եւ նորանշանակ ռազմական կցորդ, փոխգնդապետ Առնօ Էլին:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան ներկայիս ընթացքին, զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
«Հանդիպման ընթացքում երկուստեք կարեւորուել է Երեւանում Ֆրանսայի դեսպանութիւնում ռազմական կցորդի գրասենեակի հիմնումը, ինչն իրականացուել է պաշտպանութեան նախարարներ Սուրէն Պապիկեանի եւ Սեբաստիէն Լըկորնյուի միջեւ 2022 թ. սեպտեմբեր ամսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան շրջանակներում»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։