image

Պաղտատի մէջ. Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Կաթողիկէի Սբ. Էջմիածնի տօնին (Լուսանկարներ)

Պաղտատի մէջ. Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Կաթողիկէի Սբ. Էջմիածնի տօնին (Լուսանկարներ)

Օրերս, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սբ. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է՝ Կաթողիկէի Սբ. Էջմիածնի տօնին առթիւ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.

Կիրակի,  Յունիսի 2-ին Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ  հանդիսաւոր Սբ. և Անմահ Պատարագ մատուցեց և յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ.  Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը։

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ օրուայ խորհուրդին, խօսեցաւ Սբ. Էջմիածնի նշանակութեան մասին։

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որմէ ետք հաւատացեալները հիւրասիրուեցան Ազգային Վարժարաի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ։