image
Հրատապ լուրեր:

Օվերչուք. Հայաստանը պէտք է որոշում կայացնէ 

Օվերչուք. Հայաստանը պէտք է որոշում կայացնէ 

Հայաստանը պէտք է ընտրութիւն կատարէ ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի միջեւ. 2 աթոռին նստիլ պիտի չյաջողուի. այս մասին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը:

Ան ընդգծած է, որ եթէ Երեւանը կ՚երթայ դէպի Եւրոպա, ապա անհրաժեշտ է վերանայիլ Ռուսիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրը։

Երէկ Ազգային Ժողովէն ներս երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունուած է «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծը: Կողմ քուէարկած է 64 պատգամաւոր, դէմ՝ 7, ձեռնպահ՝ 0: «Հայաստան» խմբակցութիւնը չէ մասնակցած քուէարկութեան: «Պատիւ ունեմ»-ը դէմ քուէարկած է: 

«Ես կարդացեր եմ օրէնքի բնագիրը, որ ընդունուած է։ Այն կողմ է լաւ ամէն ինչին, դէմ ամէն վատի, կիրառուած են միանգամայն ընդհանուր բառեր։ Սա Հայաստանի ներքին հարցն է։ Իրանակութեան մէջ մենք կը հասկնանք, որ ե՛ւ ԵԱՏՄ-ն, ե՛ւ ԵՄ-ն ունին նման օրակարգեր։ Եւ հետեւաբար, երկիրը, ի հարկէ, պէտք է որոշէ եւ այս ընտրութիւնը կատարէ։ Քանի որ պիտի չյաջողուի միաժամանակ նստիլ երկու աթոռի վրայ, այդ միանգամայն հաստատ է»,-ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը։

«Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանը կը շարունակէ աշխուժօրէն աշխատիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ, եւ այսօր այն իր դրական ներդրումը կ՚ունենայ եւրասիական համարկման գործին: Մեր կողմէ, ի հարկէ, մենք ուշադիր կը հետեւինք այդ գործընթացներուն։ Մենք կը հասկնանք, որ եթէ Հայաստանը երթայ Եւրոպա, ապա, համապատասխանաբար, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ վերանայիլ այս երկրի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրը։ Եւ, ցաւօք, սա պիտի ազդէ Հայաստանի մէջ մարդոց կենսամակարդակի վրայ, որ, ի հարկէ, մենք իսկապէս չէինք ուզեր»,- աւելցուցած է ան։