Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս, օրերս, ընթացք առած է Սարկաւագաց դասընթացք, տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Շաբաթ, 15 Մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, ընթացք առաւ Սարկաւագաց դասընթացք, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն թեմի եկեղեցիներէն ներս ծառայող դպիրներ, ուրարակիրներ, կիսասարկաւագներ եւ սարկաւագներ։
Դասընթացքը պիտի շարունակուի երկու ամսուան տեւողութեամբ, Շաբաթ օրերը, բովանդակելով ծիսագիտական եւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ սարկաւագի նկարագիրին անդրադարձող նիւթեր, եկեղեցական օրացոյցի կառոյցին մասին բացատրութիւններ, աստուածաշնչական սերտողութիւն եւ շարականի ուսուցում։