image

Օտարի օգտին իր տեսակին դէմ կռուողը, մարդու ամենէ վատ տեսակն է. Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

  Օտարի օգտին իր տեսակին դէմ կռուողը, մարդու ամենէ վատ տեսակն է. Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

Վերջին տարիներուն, ամէնքը «դաւաճաններ»ու փնտռտուքի մէջ են հայկական իրականութեան մէջ, եւ շատ ցաւալի է որ «դաւաճան» բառը վերածուած է քաղաքական-հասարակական խօսոյթի ամենէ օգտագործուած բառերէն մէկը։ Ուրեմն, հետեւեալն ալ իմ կողմէս։

Իր պատմագրութիւններէն մէկուն մէջ, միջնադարեան Արաբ պատմագրող Իպն Աթիր (Ibn Athir, ապրած 1160-1234) կը նկարագրէ թէ ինչպէս Ճէնկիզ Խանը հասնելով ներկայ օրերու Ուզպէքիստանի քաղաքներէն Պուխարայի մօտակայքը, եւ մտահոգ թէ կրնայ դժուարութիւններու հանդիպիլ զայն գրաւելու ընթացքին, մունետիկներու ճամբով լուր կը ղրկէ քաղաքի բնակչութեան, ըսելով թէ «անոնք որոնք մեզի կողմնակից են, որեւէ տեսակի մտահոգութիւն պէտք չէ որ ունենան, թող հանգիստ մնան»: 

Մէկ-երկու օր ետք, ինքնաբերաբար երկու կարծիքներ կը ձեւաւորուին քաղաքի բնակչութեան մօտ. մաս մը, վախի ազդեցութեան տակ կը համաձայնի ողջունել Ճէնկիզ Խանի մուտքը քաղաք,  միւս մասը կ՚առաջարկէ դէմ դնել անոր։ Խանը նոր պատգամ մը կ՚ուղղարկէ քաղաքի բնակիչներուն, ըսելով թէ անոնք որոնք կողմնակից են իրեն ու կ՚ընդունին զօրակցիլ իրեն՝ անոնք պիտի ստանան քաղաքը ղեկավարելու իրաւունքը։ Եւ այսպէս, ներքին խլրտումներ սկիզբ կ՚առնեն Պուխարայի մէջ, ու քաղաքացիներուն միջեւ եղբայրասպան պատերազմ մը կը սկսի։

Մի քանի շաբաթ քաղաքացիական  պատերազմի առիթ տալէ ետք, Ճէնկիզ Խանը հեշտութեամբ մուտք կը գործէ Պուխարա, կը գրաւէ զայն, եւ առանց խտրութիւն դնելու բնակիչներուն միջեւ՝ կ՚անցնի բոլորին ալ հաւասարապէս ջարդելու գործին։ Երբ Խանին օգնականները հարց կուտան թէ ինչու ՞ փրկութիւն չի շնորհեր իրեն զօրակցող բնակիչներուն, երբ անոնք իր արշաւանքին նպաստած էին, Ճէնկիզ Խանը կը պատասխանէ. 

«Այս մարդիկ դաւաճանեցին իրենց եղբայրներուն իմ օգտիս՝ երբ ես իրենց համար անծանօթ մըն էի։ Հետեւաբար, օր մըն ալ հեշտութեամբ ինծի կրնան դաւաճանել»:

----------

Այսինքն, 

1. Մէկ անգամ դաւաճանողը, անգամներ եւս կը դաւաճանէ։ 

2. Օտարի օգտին իր տեսակին դէմ կռուողը, մարդու ամենէ վատ տեսակն է։ 

Վստահաբար դժուարութիւն չէք ունենար վերի օրինակը յարմարցնելու ձեր նախընտրած դաւաճաններուն։

Յ.Գ. Անխտիր բոլոր commentները պիտի ջնջեմ։