image

Օրհնեալ յիշատակ. Ցաւը իր սրտին մահացած է Պատուելի Սեւակ Թրաշեանի մայրիկը

Օրհնեալ  յիշատակ. Ցաւը  իր սրտին  մահացած է  Պատուելի Սեւակ   Թրաշեանի  մայրիկը

   Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Սիրվարդ Հաւունճեան-Թրաշեանը։ Հանգուցեալը մօրաքոյր էր Լիբանանի Հայ Աւետարանական համայնքի նուիրեալ հոգեւորականներէն Վեր. Փօլ Հայտոսթեանին եւ այդ առիթով ալ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք, Վեր. Հայտոսթեանի կատարած գրառումը։

Վեր. Հայտոսթեան մասնաւորապէս կը գրէ՝ «Մահացաւ մեր սիրելի մօրաքոյրը Սիրվարդ Հաւունճեան- Թրաշեանը։ 

 Ան  80 տարեկան էր , եւ մահացաւ յետ կարճատեւ հիւանդութեան եւ անշուշտ  ծանր տարած էր իր որդւոյն Պատուելի Սեւակ Թրաշեանին (մահացած 2020 թուականին 40 տարեկան հասակին)  կորուստը։

 Որպէս մայր ինը ամիս պահած էր Սեւակը իր մէջ ու անկէ ետք ալ չկարողանալով հաշուիլ, ամէն կերպ կրեց Սեւակի կորուստի ցաւը իր սրտին մէջ։ 

 Ան բարեպաշտ քրիստոնեայ մայր էր եւ միշտ ալ պահեց ու պահպանեց այդ հաւատքը եւ վկայեց Տէրոջ բարութեան եւ ողորմութեան մասին։:

 

 Այս ծանր պահուն իմ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ անոր դստեր ՝  Սոսիին ու կը մտաբերեմ Կորթնացիներուն ուղղուած նամակէն  հատուած մը, ուր կ՚ըսուի ՝ «Փառք Աստծուն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, կարեկցանքի հօր եւ  մխիթարութեան Աստծուն, որ մեզ կը մխիթարէ  մեզ, մեր բոլոր նեղութիւններուն ժամանակ, որպէսզի մենք ալ մխիթարենք մեր մերձաւորները իրենց կրած նեղութեանց ժամանակ»։

 

Յիշեցնենք,  որ    Սիրվարդ Թրաշեան  մայրիկն էր   Հայ Աւետարանական  համայնքի   խոստմնալից   հոգեւորականներէն՝ Պատուելի   Սեւակ Թրաշեանին, որ      մեծապէս ազդուեցաւ   Սուրիոյ  պատերազմի    ահռելի   զարգացումներէն  կապուած մասնաւորապէս   հայաբոյր Քեսապ  աւանին հետ, ուր եւ կը ծառայէր մինչեւ վերստին Պէյրութ  վերադառնալը ու  ապա ժամանակ մը ետք  անակնկալօրէն  մահանալը։

 

 

 Այս առթիւ «Արեւելք» եւս իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի հարազատներու ու մասնաւորապէս մեր թերթի թանկագին բարեկամ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանին։

 

 Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։