image

Օր 12. Ռուբէն Վարդանեան նկատել կու տայ՝ 264 ժամէ ի վեր Արցախ պաշարման տակ է (Տեսանիւթ)

Օր 12. Ռուբէն Վարդանեան նկատել կու տայ՝  264 ժամէ ի վեր Արցախ պաշարման տակ է (Տեսանիւթ)

264 ժամ արդէն կը շարունակուի շրջափակումը, եւ ի հարկէ, ամէն մէկ ժամը կը մեծցնէ մարդոց անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը։ Այս մասին իր դիմատետրեան ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը։

«Մենք անում ենք եւ անելու ենք ամէն ինչ։ հասկանում ենք դժուարութիւնները, հասկանում ենք իրավիճակը, շատ բարդ իրավիճակ է։ 264 ժամ արդէն շարունակւում է բլոկադան, եւ ի հարկէ ամէն մի ժամը մեծացնում է մարդկանց անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը», -ըսած է ան:

Պետական նախարարը աւելցուցած է նաեւ, որ իրենք արդէն հունի մէջ կը մտնեն եւ երկուշաբթի օրուընէ ուղիղ եթերներ պիտի ըլլան միայն որեւէ միջադէպի պարագային կամ յայտարարութիւններ ընելու համար, քանի որ իրավիճակի մասին ամբողջ տեղեկատւութիւնը հնարաւոր պիտի ըլլայ ստանալ արագ արձագանգման (օպերատիւ) շտաբի լրատուական կեդրոնի միջոցով։

Իր խօսքին մէջ ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ամբողջ աշխարհի հայերուն ու ոչ հայ ընկերներուն, որոնք իսկապէս շատ անհանգիստ ու մտահոգուած են եւ, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրելով, կը փորձեն ամէն ինչ ընել այս իրավիճակէն դուրս գալու համար։

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։