image

Օգոստոս 4-ը Պէյրութի աղէտալի պայթումին օրն է

Օգոստոս 4-ը Պէյրութի աղէտալի պայթումին  օրն է

2020-ի Օգոստոսի 4-ին էր, որ թիրախ դարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստը՝ պատճառելով հարիւրաւոր զոհեր։

Մեծ վնասներու ենթարկուեցան նաւահանգիստի կից գտնուող շրջանները, որոնք մեծամասնութեամբ կը համարուէին քրիստոնէական (հայկական շրջանները ներառեալ)։

Յատկանշական է, որ այս ոճրային պայթումէն չորս տարի անց բացուած դատական գործընթացը ոչ մէկ առումով յաջողեցաւ յստակութեան մը հասնիլ։

Պայթումին վերաբերեալ հրապարակ հանուեցան բազում վարկածներ, ըստ որոնց՝ եղածը ոճրային արարք մըն էր, իսկ այդ չարաղէտ արարքը ծրագրած կողմեր հաշուի առած էին այն փաստը, որ նաւահանգիստին գլխաւոր պահեստանոցներէն մէկուն մէջ կան բաւական վտանգաւոր եւ պայթիւնավտանգ նիւթեր։

Ի վերջոյ, Պէյրութի չարաղէտ պայթումէն չորս տարի անց, այսօր կը սպասուի, որ հազարաւոր լիբանանցիներ դարձեալ փողոց իջնեն եւ յանուն արդարութեան իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնեն։