image
Հրատապ լուրեր:

Նոր Տարի` Անթեղուած Յոյսին Ընդառաջ. Գրեց՝ Խաչիկ Տէտէեան

Նոր Տարի` Անթեղուած Յոյսին Ընդառաջ. Գրեց՝ Խաչիկ Տէտէեան

Սրընթաց ժամանակներու ստուերները գրկած,

Տարին կ’աւարտի, մռայլ յանգերով դրոշմուած.

Վշտի շշուկներ, ցաւի դաժան գրկախառնութիւն,

Կորուստի օրագիր, օրերու պաստառին փորագրուած:

 

Կորսուած ակնթարթները կը յամենան,

Արձագանգի նման, մշուշին մէջ թանձրապատ.

Յոյսի զարկեր, վիշտերով համբուրուած,

Օրերու կտակին մէջ, մոխրագոյն ներկապնակ,

Մինչ տարին կ’աւարտի, ողբի հանդիսութեամբ:

 

Փորձութիւններու մէջէն յարատեւող, տոկուն սիրտն իմ,

Կը կրէ բզկտուած աշխարհի մը բեռը ահաւոր,

Եւ ցաւը` կորսուած հողին, ուր յիշողութիւններ են գամուած,

Դառնահեծ հեքիաթներու սերմեր կը կրեն, արցունքախառն.

Ափսոսանքի դառն ճաշակ, դաժան ելք, ծանր հաշուեգին,

Լռութեան արձագանգներուն մէջ, կը կորսուին երազներ անհուն:

 

Աշխարհ` լուռ ականատեսը դաժան եղելութեան,

Ուր ազատութիւնը կը տնքայ, երկունքին մէջ գիշերին,

Հողին տակ, փոփոխութեան հունտեր կը մնան թաղուած,

Վաղուան յոյսի, երբ արդարութեան ծիլերը աճիլ սկսին:

 

Ու այս լլկող խաւարին ընդմէջէն, գուցէ կայծ մը ծնի,

Գուցէ կրկին ծառանայ փիւնիկը, արցունքոտ աչքերով,

Զի մոխիրէն կարո՜ղ է յարատեւելու նոր կամք մը ծնի,

Մեր յամառ ուժի, դարերու ուխտի վկայութիւնը գրկած:

 

Ու մինչ տարին կը հեռանայ, նոր արշալոյսը կը ծագի,

Թող բուժիչ մրմունջները յոյսի, փոխարինեն արցունքները հոսած:

Ժամանակի պաստառին դիմաց, ուր վիշտեր են սերմանուած,

Յոյսը կրկին ծնի մեր սրտերուն, ծլարձակումով մը անսպասելի,

Ու արշալոյսին գիրկընդխառն, բերէ խոստումն իր` անթեղուած:

 

Խաչիկ Տէտէեան

2023, Թորոնթօ