image

Սագօ Արեանի նոր հատորը՝ «33 ձայն Իսթանպուլէն. Ինչպէս ճանչցայ պոլսահայութիւնը»

 Սագօ Արեանի նոր հատորը՝ «33 ձայն Իսթանպուլէն. Ինչպէս ճանչցայ պոլսահայութիւնը»

 Արեան կը գրէ ՝«... Այս գիրքը սովորական հարցազրոյցներու կամ գաղափարներու ժողովածու մը չէ, այլ Պոլսոյ մէջ ապրուած փորձառութեան մէկ արգասիքը։ Աշխատութիւնը սկիզբ կը դնէ նոր ընթացքի մը, ուր շեշտակիօրէն կ'ընդգծուի հայկականութեամբ շնչող եւ ապրող Պոլիսը՝ լայն եւ բոլորին հասանելի դարձնող պրիսմակով մը դիտելու»

Ինչպէ՞ս կ'ապրին Թուրքիոյ հայերը, ի՞նչ խնդիրներ, մտահոգութիւններ ունին, ինչպէ՞ս հնագոյն Պոլիս քաղաքին մէջ կը պահպանուին հայերէնը, հայկական մշակոյթը եւ ի՞նչ ջանքեր կը գործադրեն այնտեղի հայերը՝ ազգային դիմագիծը չկորսնցնելու համար: Ինչո՞ւ այնտեղ ապրող հայերէն ոմանք կը գերադասեն թրքերէն խօսիլ, իրենց երեխաները ուղարկել օտար դպրոցներ, ի՞նչ գին ունի անվտանգութիւնը…  Լրագրող, հրապարակախօս Սագօ Արեան բազմիցս շփուած է Իսթանպուլի հայութեան հետ՝ փորձելով անոնցմէ ստանալ այս հարցերու պատասխանները: Ան նոյնինքն Իսթանպուլի մէջ՝ իսթանպուլաբնակ 33 հայու հետ կատարած իր հարցազրոյցները ամփոփած է գիրքի մէջ՝ փորձելով մէկ հարթակի վրայ լսելի դարձնել հայութեան ամենատարբեր խաւերու ձայնը:   Վաւերական նշանակութիւն ունեցող գիրքը գրուած եւ հրատարակուած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործադրած ջանքերու եւ անկէ բխած մթնոլորտի պայմաններուն մէջ, եւ գիրքին մէջ բնականաբար, անդրադարձ կայ նաեւ այդ հարցին: Իսթանպուլի հայերը իրենք կը փորձեն պատասխանել, թէ ի՞նչ կու տայ այդ յարաբերութիւններու բնականոնեցումը երկու կողմին, ի՞նչ դրական եւ բացասական կողմեր ունի, անխուսափելի՞ է արդեօք հարեւաններու հետ հաշտութեան երթալու ճանապարհը, թէ՞ այն կարելի է նաեւ անտեսել…  Հայաստանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեանը փորձ եղած է նայիլ «շատ բան տեսած» իսթանպուլահայերու աչքերով, դուրսէն… 

«33 ձայն Իսթանպուլէն. Ինչպէս ճանչցայ պոլսահայութիւնը»  խորագրով գիրքը լոյս տեսած է օրերս, Երեւանի մէջ եւ պիտի տարածուի յատկապէս պոլսահայ համայնքով հետաքրքրուողներու շրջանակին: