image

Նկար մը եւ երեք կորուստ... Գրեց՝ Վիգէն Աւագեան

Նկար մը եւ երեք կորուստ...  Գրեց՝ Վիգէն Աւագեան

Լիբանանահայ  ազգային-հասարակական գործիչ՝ Վիգէն Աւագեան կը գրէ ՝

 

 Նկար մը  եւ երեք  կորուստ (Եղբ. Գարլոս Սէֆէրեանի  յիշատակին)

 

Հազիւ չորս տարուան կեանք ունի այս նկարը. նկարուած է 14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ԺԲ. Պատգամաւորական Ժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութեան, Երեւան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի հետ միութեան «Արժանեաց» շքանշանով կը պարգեւատրէ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Գարլոս Սէֆէրեանը, որուն բացակայութեան, շքանշանը կը ստանձնէ զաւակը՝ եղբ. Կարօ Սէֆէրեան։

Չկա՜յ այլեւս շքանշան յանձնողը՝ աննման եղբ. Գառնիկը։ Քորոնայի զոհն է ան։ Չկայ նաեւ սիրելի եղբ. Արմանտօն, որ վաղաժամ կերպով մեզմէ հեռացաւ երկու տարի առաջ, գրեթէ այս օրերուն, ուղեղային անակնկալ կաթուածով։ Չկա՜յ եւ այսուհետեւ պիտի չըլլայ նաեւ այս շքանշանին արժանաւորը՝ նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, հաւատաւոր Դաշնակցական եղբ. Գարլոսը, որուն հետ երկար տարիներ ընկերանալու բախտն ու պատիւը ունեցանք։ Կը մնայ Կարօն, որ շարունակողը պիտի ըլլայ երեքին աւանդին, ժառանգին ու ԳՈՐԾ-ին։

Գառնիկ, Արմանտօ, Գարլոս Հ.Մ.Ը.Մ.ական ԳՈՐԾ-ի ախոյեաններ էին։ Հետք ու դրոշմ ունէին։ Տեսիլք ու երազ ունէին։ Թէեւ իւրաքանչիւրը գործեց իրեն յատուկ ոճով, սակայն երեքն ալ գործեցին հայութեան նորահաս սերունդներուն համար։ Հայը հայ պահելու համար։ Երիտասարդութիւնը ազգային-միութեական արժէքներով զինելու համար։

Եղբ. Գարլոս Հ.Մ.Ը.Մ.ական ԳՈՐԾ-ի մերօրեայ «խենթ»երէն էր։ Բազմավաստակ եւ փորձառու միութենական։ Շուք եւ հեղինակութիւն ունեցող մարդ։ Մինչեւ կեանքին վերջին շունչը ան տագնապեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ով, քաջալերեց բոլորս՝ աննկուն շարունակելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը։ Գործի մէջ եղաւ խստապահանջ, գործէն դուրս՝ հաճելի եւ փնտռուած ժողովական։ Ջերմ, հաղորդական, ընկերական, սրտամօտ ու սրտակից։ 2015-ին, Արժանթին այցելութիւնս առիթ մը եղաւ, որպէսզի աւելի մօտէն ճանչնամ զինք եւ մեր մտերմութիւնը աւելի ամրանայ ու խորանայ։ Հոն էր, որ իմացայ, թէ ինչպէս, լիբանանեան պատերազմի սկիզբը ան գտնուած էր Պէյրութ։ Լիբանանեան փորձառութեան մասին խօսած ժամանակ ամէն անգամ աչքերը կը բոցավառէին։ Տեւական կարօտը ունէր «Սարդարապատ» ակումբին եւ Պուրճ Համուտի պահակ տղոց։ Գիտէր, տեսած ու ճանչցած էր Լիբանանի «լաւագոյն տղերքը»։ Առիթը չէր փախցներ իր բարեւները փոխանցելու բոլորին։

Կուսակցական շրջանակներու ծանօթ Քարլիթոն արժանի չէր նման վերջաւորութեան։ Կենսուրախ, շէնշող եւ միշտ լաւատես եղբ. Գարլոսը շատ տառապեցաւ կեանքի վերջին հանգրուանին։ Ցաւեցաւ մանաւա՛նդ եղբայրներ Գառնիկի եւ Արմանտոյի անժամանակ կորուստով։ Աչքերը փակեց հայութեան եւ Հայաստանին, պաշտած կուսակցութեան եւ սիրելի միութեան հանդէպ իր պարտքը լիուլի կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ։

Շատ պիտի փնտռենք քեզ, եղբ. Գարլո՛ս։

Գառնիկին, Արմանտոյին եւ միւսներուն՝ Ժիրայրին, Պատրիկին, Միհրանին, Բիւզանդին եւ բոլո՛ր, բոլո՛ր արժանաւորներուն հետ հսկէ մեզի, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԳՈՐԾ-ը յառաջ տանինք այնպէս ինչպէս պիտի փափաքէիք տեսնել՝ պի՛նդ, ամո՛ւր, կազմակե՛րպ, անթերի՛, օրէ օր աւելի մեծցո՛ղ, տարածուո՛ղ եւ հայացնո՛ղ։