Նուիրեալ այլ անուն մըն է ծխատէր քահանայ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը, որ ինչպէս վերը նշեցինք, անմնացորդ սիրով եւ անսակարկ նուիրումով ծառայեց հանգանակութեան գործի յաջողութեան։
Քրիստոնէութիւնը, այո՛ խօսքէն անդին գործի կրօնքն է եւ մեր պատուիրանները յստակօրէն մեզ կը յիշեցնեն, որ բոլոր անոնք, որ կարող ենք «աղքատի լումայ» մը նուիրել, անոնք սատարած կ՚ըլլան ընդհանուր գործի յաջողութեան։
Անցեալ փետրուարին եղած աղէտալի երկրաշարժէն ետք Սփիւռքով տարածուած հայագաղութներուն մէջ ընթացք առաւ դէպի Հալէպի, Քեսապի ու նաեւ Թուրքիոյ հայկական տեղանքներուն օգնութիւններ հանգանակելու գործընթաց մը։
Այս առումով ալ աչքի ինկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմը, ուր նուիրեալ հոգեւորականներ խրախուսեցին իրենց հօտի զաւակները, որ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեն հասնելու համար վիրաւոր համայնքներուն։
Այս առումով ուշագրաւը նաեւ այն էր, որ քիչ չեղաւ թիւը այն երիտասրդներուն, որ իրենց սեփական խնայողութիւններու գանձանակները բացին եւ առատօրէն տուին մեր եկեղեցիներուն։
Օրինակ մը տալու համար կ՚ուզենք յիշատակել Ռաֆֆի Տողրամաճեան անուն երիտասարդին անունը, որ իր տոլարի հասնող խնայողութիւնը օրեր առաջ յանձնեց նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին։
Նուիրեալ այլ անուն մըն է ծխատէր քահանայ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը, որ ինչպէս վերը նշեցինք, անմնացորդ սիրով եւ անսակարկ նուիրումով ծառայեց հանգանակութեան գործի յաջողութեան։
Քրիստոնէութիւնը, այո՛ խօսքէն անդին գործի կրօնքն է եւ մեր պատուիրանները յստակօրէն մեզ կը յիշեցնեն, որ բոլոր անոնք, որ կարող ենք «աղքատի լումայ» մը նուիրել, անոնք սատարած կ՚ըլլան ընդհանուր գործի յաջողութեան։
Շնորհակալութիւն բոլորին։