image

Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Աստանայի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին

Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Աստանայի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի վաղն Աստանայի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին: Լուրը հաստատած է վարչապետի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը:

«ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներին մասնակցութիւնը սառեցնելու մասով ՀՀ դիրքորոշումը չի փոխուել»,-ըսած է Բաղդասարեանը:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը ըսած էր, որ Ռուսիան յարգանքով կը վերաբերի Հայաստանի ինքնուրոյն ուղղութեան, որ դադրեցուցած է իր գործուն մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի մէջ, սակայն կը պահպանէ անդամակցութիւնը կազմակերպութեան, եւ ՀԱՊԿ բոլոր միջոցառումներու դռները բաց են Հայաստանի առջեւ: