Այսօր առաւօտեան ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցող խումբի յարձակման հետեւանքով ՆԳՆ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան ծառայողներու շրջանին կայ զոհ եւ վիրաւոր։ Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան մամուլի ծառայութիւնը։
«Մարտի 5-ին ժամը 10։00-ի սահմաններում, «Խայփալու» կոչուող տեղանքում ադրբեջանական զինուժի դիւերսիոն խմբի յարձակման հետեւանքով ՆԳՆ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաների վարչութեան ծառայողների շրջանում կայ զոհ եւ վիրաւոր»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10։00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուժի ներթափամցող խումբը թիրախաւորած եւ կրակ արձակած էր ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ։
Նշենք, որ մարտ 3–ին Արցախի մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտման 3 դէպք արձանագրուած էր Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ։