image
Հրատապ լուրեր:

ՆԱԹՕ–ն Քիեւին հետախուզական տուեալներ կը հաղորդէ Ռուսիոյ կառոյցները հարուածելու համար. Լաւրով

ՆԱԹՕ–ն Քիեւին հետախուզական տուեալներ կը հաղորդէ Ռուսիոյ կառոյցները հարուածելու համար. Լաւրով

ՆԱԹՕ–ի մասնագէտները կը համակարգեն Ռուսիոյ տարածք գտնուող քաղաքացիական կառոյցներուն հասցուող հարուածները` Քիեւին զէնքէն բացի փոխանցելով ռազմատիեզերական հետախուզութեան տուեալներ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։

«Այս տուեալները կ'օգտագործուին ՌԴ տարածքի խորքերը գտնուող թիրախներու տեղորոշման եւ խոցման նպատակով։ Այդ թիրախները բնակելի տուներ են, կենսապահովման կառոյցներ, ելեկտրական եւ արդիւնաբերական ենթակառուցուածքներ եւ պարզապէս ընկերային կառոյցներ` դպրոցներ, մանկապարտէզներ, դարմանատուներ։ Արեւմտեան ռազմական մասնագէտները բառացիօրէն ձեռքով կը համակարգեն խոցման բարձր ճշգրտութեան միջոցներով հասցուող հարուածներն այն թիրախներուն, որոնց մասին ես նշեցի, զուտ քաղաքացիական թիրախներուն», – Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման թեմայով օտարերկրեայ դեսպաններու մասնակցութեամբ դեսպանատան հրաւիրած կլոր սեղանի շուրջ յայտարարած է Լաւրով։

Ան ցուցադրած է նաեւ Ուքրանիոյ զինուժի կողմէ Քուրսքի մարզին մէջ քաղաքացիական բնակչութիւնը գնդակահարելու նկարներ։

Ան յայտարարած է, որ Ռուսիան կը կարծէ, որ Արեւմուտքը վաղուց հանած է Ռուսիոյ հեռահար զէնքով Քիեւի կողմէ հարուածներ հասցնելու սահմանափակումները։

Լաւրովն ըսած է, որ ուքրանական հետախուզութեան գործակալները կը գտնուին Սուրիոյ տարածք ապամագլցման իտլիպեան գօտիին մէջ, ուր զինեալներ կը հաւաքագրեն նողկալի նոր գործողութիւններու համար։

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարը Միացեալ Նահանգներու Էնթընի Պլինքընի եւ Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տեւիտ Լեմմիի այցը Քիեւ որակած է «բեմադրուած» ։

Աւելի վաղ Պլինկըն ու Լեմմի Ուքրանիա այցելած էին։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար  այցէն յետոյ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին պիտի փոխանցէ Ռուսիոյ տարածքի խորքերը հարուածելու համար Քիեւին հեռահար հրթիռներ օգտագործելու թոյլտուութիւն տալու հարցի քննարկման արդիւնքները։