image

ՆԱԹՕ–ն կը ձգտի Կասպից ծովու հասանելիութիւն ստանալ. Պորթնիքով

ՆԱԹՕ–ն կը ձգտի Կասպից ծովու հասանելիութիւն ստանալ. Պորթնիքով

ՆԱԹՕ-ն կը ձգտի ընդլայնել իր մարտական ​​հնարաւորութիւնները, Սեւ ծովուն եւ Կասպից ծովուն հասանելիութիւն ստանալ, դաշինքն արագօրէն կը ներխուժէ Արքթիքայի եւ Պալթեան տարածաշրջաններ: Այս յայտարարութիւնն ըրած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքովը ԱՊՀ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու հանդիպման։

Պորթնիքովը նշած է, որ ՆԱԹՕ-ի ռազմական սպառնալիքն անշեղօրէն աճած է։

«Դաշինքը կ՚ամրանայ Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ միութենական պետութեան սահմաններուն մէջ, արագ քայլերով կը ներխուժէ Արքթիքայի եւ Պալթեան տարածաշրջաններ, կը ձգտի ընդլայնել մարտական, հետախուզական եւ լոճիսթիք կարողութիւնները, Սեւ ծովուն եւ Կասպից ծովուն հասանելիութիւն ստանալու ուղիներ կը փնտռէ»,- նշած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէնը։

Ան աւելցուցած է, որ ամերիկեան աշխատանոցներու ցանցը որոշ «կենսաբանական սպառնալիքներու» հակազդելու պատրուակով իրականութեան մէջ ընտրովի կիրառման կենսաբանական զէնք ստեղծելու ծրագիրներ կ՚իրականացնէ։