image

Քարտաշեան կը շարունակէ հարստանալ. Վերջին աղբիւրը՝ օծանելիքներն են

Քարտաշեան կը  շարունակէ հարստանալ. Վերջին աղբիւրը՝ օծանելիքներն են

Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան, որ վերջերս ներկայացուցած էր սեփական արտադրութեան նոր օծանելիք՝ Crystal Gardenia Citrus-ը, 6 օրերու ընթացքին 14 միլիոն տոլար վաստակած է անոր վաճառքէն: 

Ինչպէս tert.am-ի հաղորդմամբ կը նշէ The Daily Mail-ը, 36-ամեայ հեռուստաաստղը ընկերային ցանցերու մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է իր երկրպագուներուն նման նուիրուածութեան համար:

Հետաքրքրական է, որ 6 օրուան մէջ վաճառուած է նոր անուշահոտի ամբողջ խմբաքանակը՝ 300.000 սրուակ:

«Ձեր վստահութիւնը ինծի համար մեծ պատիւ է»,-Instagram-ի մէջ հրապարակած տեսանիւթին մէջ ըսած է Քարտաշեան՝ աւելցնելով, որ մօտ ժամանակները վաճառքի պիտի յայտնուի օծանելիքի նոր խմբաքանակ:

Կը նշուի, որ Քարտաշեանի օծանելիքի գինը, կախուած սրուակի տարողունակութենէն, 35-60 տոլարի մէջ կը տատանի: