image
Հրատապ լուրեր:

ՆԱԹՕ-ն կրկին կը զգուշացնէ Մոսկուան

ՆԱԹՕ-ն կրկին կը զգուշացնէ Մոսկուան

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը Պրիւքսէլի մէջ ընդունած է Ուքրանիոյ փոխվարչապետ Օլկա Սթեֆանիշինան։ Հանդիպման յաջորդած մամուլի համատեղ ասուլիսին Սթոլթընպըրկ Մոսկուան կրկին զգուշացուցած է, որ տնտեսական ու քաղաքական «ծանր գին» պիտի վճարէ Ուքրանիա ներխուժելու պարագային։

Միաժամանակ ան նշած է, որ անվտանգութեան հարցերով Ժընեւի մէջ սկսած ԱՄՆ-Ռուսաստան բանակցութիւնները կրնան օգնել խուսափելու հակամարտութենէն։

Ուքրանիոյ փոխվարչապետը ըսած է, որ անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ Ռուսաստանի պահանջները չեն կրնար բանակցութիւններու հիմք հանդիսանալ։

«Յարձակողը չի կրնար պայմաններ դնել, քանի դեռ ռուսական հրասայլերը դուրս չեն բերուած Ուքրանիոյ սահմաններէն», ըսած է ան։