image

ՆԱԹՕ-ի ընդարձակումը դէպի արեւելք սպառնալիք է ոչ միայն Ռուսաստանի, այլեւ Թուրքիոյ համար․ Փէրինչէք

ՆԱԹՕ-ի ընդարձակումը դէպի արեւելք սպառնալիք է ոչ միայն Ռուսաստանի, այլեւ Թուրքիոյ համար․ Փէրինչէք

ՆԱԹՕ-ի ընդարձակումը դէպի արեւելք սպառնալիք է ոչ միայն Ռուսաստանի, այլեւ՝ Թուրքիոյ, Իրանի ու Չինաստանի համար: Այս մասին յայտարարած է թրքական Vatan կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Տողու Փէրինչէքը:

Անոր խօսքով` Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցը Չինաստան, իսկ յետոյ Անգարա, կը խորհրդանշէ խաղաղութեան ճանապարհային քարտէզ:

Փարինչէք կը կարծէ, որ այցը ուրուագիծ կը ստանայ ընդդէմ Սեւ ծովի, Միջերկրականի, Արաբական ծովու եւ Օրմուզի նեղուցին մէջ ԱՄՆ-ի կողմէ պատերազմի սպառնալիքի:

«Սա որոշակի ուղերձ է առ այն, որ Ռուսաստանը, Թուրքիան, Չինաստանն ու Իրանը միասին կը գործեն: Միայն այդ 4 երկիրները ունակ են կանխելու ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը», նշած է ան: