image

Նարինէ Գրիգորեան Պէյրութի մէջ հանդէս եկաւ երկու մենաներկայացումներով

Նարինէ Գրիգորեան Պէյրութի մէջ հանդէս եկաւ երկու մենաներկայացումներով

Հրաւէրով «Սամիր Քասիր» հիմնադրամի «Պէյրութ Սփրինկ Ֆեսթիվըլ 2018» փառատօնի կազմակերպիչներուն, նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի աշխատանքներուն ծիրին մէջ, ներկայիս Լիբանան կը գտնուի թատերական եւ բեմադրութեան ոլորտներու մէջ բազմաթիւ մրցանակներու, նաեւ 2013-ին վաստակաւոր դերասանի կոչումին արժանացած, Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի աշխատակից, հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեան` ներկայացնելու «Թռիչք մը դէպի քաղաք» եւ «Ընտանիքս ճամպրուկի մէջ» ներկայացումները: Տաղանդաւոր դերասանուհիին կ՛ընկերակցի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, հանրածանօթ բեմադրիչ Ռուբէն Պապայեան:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 7 յունիսին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Թուրնըսոլ» թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ եւ օտար հանդիսատեսներու, Նարինէ Գրիգորեան եւ Սերկէյ Թովմասեան հանդէս եկան «Թռիչք մը դէպի քաղաք» ներկայացումով, որ վերջին շրջանին մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս Թունուզ, Եգիպտոս եւ այլն: Ելոյթի աւարտին ներկաները յոտընկայս ծափողջոյններով բարձր գնահատեցին ներկայացումը:

Երէկ` ուրբաթ, 8 յունիսին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, գործակցութեամբ «Սամիր Քասիր» հիմնադրամի «Պէյրութ Սփրինկ Ֆեսթիվըլ 2018» փառատօնի եւ Համազգայինի   «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Նարինէ Գրիգորեան հանդէս եկաւ «Ընտանիքս ճամպրուկի մէջ» վաւերագրական մենաներկայացումով, որուն համար ան ստացած է Ալեքսանտր Գրիգորեանի անուան յատուկ «Արտաւազդ» մրցանակը:

«Ընտանիքս ճամպրուկի մէջ» մենաներկայացումը հիմնուած է Նարինէ Գրիգորեանի ընտանիքին իրական պատմութեան վրայ եւ առնչուած է իր մանկութեան հետ: Գրիգորեան ներշնչուած է նախ Արցախի քառօրեայ պատերազմէն, երբ իր հայրը մահացած է, նաեւ բազմաթիւ պարագաներէ, որոնք իրեն վերյիշեցուցած են իր մանկութեան օրերը:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ տաղանդաւոր արուեստագէտը լուսարձակի տակ առաւ Ղարաբաղի գիւղերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած պատերազմի ժամանակաշրջանը, ուր երեք զաւակ ունեցող ընտանիք մը կարելիութիւնը կ՛ունենայ փրկելու մէկ զաւակը` այս պարագային Նարինկան (Նարինէ), ուղղաթիռով զինք Հայաստան ուղարկելու միջոցով: Սակայն ուղղաթիռին մէջ տեղ գտնելը գրեթէ անկարելի է, որովհետեւ միշտ ծանրաբեռնուած է վիրաւորներով, տարեցներով եւ մանուկներով: Առ այդ, Նարինկայի մեծ հայրը ամէն օր թոռնուհին կը նստեցնէ իր ծառայողական մեքենային մէջ եւ կ՛ուղղուի Ստեփանակերտ` զայն ուղարկելու յոյսով, եւ մինչ մեծ հայրը կը փորձէ տեղ մը դասաւորել թոռնուհին, ան կը մնայ մեքենային մէջ մինակ` իր յուշերուն, վախերուն եւ երազանքներուն հետ: Անցեալը կը զուարճացնէ զինք, ապագան կ՛անհանգստացնէ, իսկ ներկան կը հանդիսանայ իբրեւ դաժան, բայց գեղեցիկ հեքիաթ մը, որուն գլխաւոր հերոսն է ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած հայրիկը:

Աւարտին ներկաները մեծապէս գնահատեցին տաղանդաւոր արուեստագէտը:

Ուշագրաւ է, որ ասիկա «Սամիր Քասիր» հիմնադրամի «Պէյրութ Սփրինկ Ֆեսթիվըլ 2018» փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ Համազգայինի  «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան միջեւ գործակցութեան առաջին փորձառութիւնն է, որ կը հանդիսանայ նոր միասնական աշխատանքներու սկիզբը:

 

Լուրե՝ «Ազդակ»էն