image

Նախագահութեամբ՝ Հ. Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթերեանի նշուած է Զմմառու «Ուխտի օր»ը

Նախագահութեամբ՝  Հ. Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթերեանի նշուած է  Զմմառու «Ուխտի օր»ը

Ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս տօնական մթնոլորտի մէջ ու մեծ հանդիսութեամբ՝ արժանաւորապէս նշուած է Ամենասուրբ Կոյսին նուիրուած ամսուան վերջին կիրակին՝ Զմմառու ուխտի օրը, Նախագահութեամբ՝  Հ. Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթերեանի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։

Մայիսի վերջին կիրակին, աւանդութեան համաձայն, Զմմառու ուխտի օրն է, որուն արմատները կ՛երկարի դեռեւս Աստուծոյ Ծառայ` կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի օրերուն:

Ան 1953-ին հռչակեց զայն: Այդ օրուընէ ցայսօր ուխտավայրի վերածուեցաւ հինաւուրց մայրավանքը: Ուխտի օրուան ընթացքին արտասանուած աղօթքները ի խորոց սրտէ բխած խօսքեր են` ուղղուած Զմմառու ցաւագին Տիրամօր: Ան` իր հրաշագործի մենաշնորհով, ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է յուսալքուած հայուն:

Այս տարի եւս, 25 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու մայրավանքի դարպասէն, Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեանի առաջնորդութեամբ, ուխտաւորներու հոծ բազմութիւնը` Տիրամօր արձանը բարձր պահած եւ վարդարանի ջերմեռանդութեան աղօթքներու մրմունջով ընթացաւ դէպի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոն:

Իսկ մայրավանքի վեհարանէն` հոգեւորականներու շքախումբի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի հանդիսաւոր սուրբ Հաղորդութիւն ստացող երեխաներու մասնակցութեամբ թափօրը, գլխաւորութեամբ` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր` Մաշտոց ծ. վրդ. Զահթերեանի, Պուրճ Համուտի ժողովրդապետութեան շեփորախումբի նուագակցութեամբ եւ աղօթքներու շունչով յառաջացաւ ամփիթատրոն, ուր Խորհուրդ խորինի երգեցողութեամբ ընթացք առաւ սուրբ եւ անմահ պատարագը` երգեցողութեամբ` Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբի, ղեկավարութեամբ Նշան Մարաշլեանի:

Մեծաւոր հօր քարոզը ծաւալեցաւ երեք հիմնական գաղափարներու շուրջ, որոնք անմիջականօրէն առնչուած էին միմեանց, ըստ որում` մայր, որ երկրային կեանքին մէջ ծնունդ տուած է մարդուն, եւ որուն նկատմամբ կապուածութիւն ունի:

Մայր, որ երկնային արքայութեան հասնելու կ՛օժանդակէ, եւ որուն մայրութեան նկատմամբ անսահման սէր կը տածէ մարդը: Երկնային մօր հանդէպ` հայ ժողովուրդի ցուցաբերած սիրոյ, յարգանքի եւ մեծարանքի արտայայտութիւնները:

Պատարագի աւարտին, վանքի փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան օրհնեց ուխտաւորները, որոնք Տիրամօր զգեստ հագած էին:

Հոգեպարար արարողութենէ ետք ներկաները ուղղուեցան «Տիրամայր Զմմառու» պուրակը, ուր տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական տոհմիկ օր: