image

Նախագահ Սիսի. Ճնշում գործադրել, որպէսզի Կազայի մէջ հրադադար գործադրուի

Նախագահ Սիսի. Ճնշում գործադրել, որպէսզի Կազայի մէջ հրադադար գործադրուի

Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ըրած է ճնշում գործադրելու Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման վրայ Կազայի մէջ կրակը դադրեցնելու համար։

«Ես կոչ կ'ընեմ նախագահ Թրամփին գործադրելու բոլոր ջանքերը եւ ճնշում գործադրելու Կազայի մէջ անյապաղ եւ լիակատար հրադադարի հասնելու համար»,-ըսած է Եգիպտոսի նախագահը Պաղտատի մէջ ընթացող Արաբական լիկայի գագաթնաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ։ 

Յիշեցնենք, որ մայիսի սկիզբին Իսրայէլի իշխանութիւնները յայտարարած են Կազայի մէջ ռազմական գործողութեան զգալի ընդլայնման մասին՝ «Համաս»-ի վրայ ճնշումը մեծցնելու նպատակով։ 

«Կետեոնի կառքեր» անունով գործողութիւնը կը ներառէ նոր տարածքներու գրաւում եւ պահպանում, Կազայի բնակիչներու զանգուածային տեղահանում հիւսիսէն հարաւ եւ զինեալներու թիրախներուն վրայ յարձակումներու յաւելում։

Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս»-ի միջեւ հրադադարը պաշտօնապէս աւարտած է 1 մարտին, սակայն մարտական ​​գործողութիւնները չեն վերսկսած միջնորդներուն կողմէ Կազայի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու փորձերուն շնորհիւ։