image

Նախագահ Ասատ Պարտքերու Վերադասաւորման Մասին Նոր Օրէնք Մը Ստորագրած է

Նախագահ Ասատ  Պարտքերու  Վերադասաւորման  Մասին   Նոր Օրէնք  Մը  Ստորագրած է

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նոր  օրինագիծ մը  ստորագրած է , որուն հիմամբ Սուրիոյ  բոլոր  այն քաղաքացիները, որոնք պարտական  են  երկրի դրամատուներուն պիտի կարողանան վերադասաւորել իրենց պարտքերը:  Նշենք,  որ օրինագիծը կը կրէ  26  թիւը  եւ   ըստ Սուրիոյ նախագահութեան  հրապարակուած է  երկրին մէջ տիրող պատերազմական  իրավիճակին   հետեւանքով:   Նշենք, որ  հրապարակուած  օրէնքին  համաձայն  դրամատուներուն պարտական   քաղաքացիները   որոշ  ժամանակամիջոցի մը ընթացքին  պէտք է կապ հաստատեն իրենց պարտատէրերուն հետ  եւ     քննարկեն, իրենց պարտքի մարման նոր ժամկէտները: Օրէնքին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու  համար  (արաբերէնով)    սեղմել այստեղ: