Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հակօրինական ճանչցած է Սամանտաղի շրջանին մէջ հայկական եկեղեցւոյ պատկանող կալուածքները պետութեան փոխանցելու որոշումները։
Իսթանպուլի հայկական «Ակօս»–ի հետ զրոյցին Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղ Վաքըֆի եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ճեմ Չափարը նշած է, թէ իրենք մեծ ուրախութեամբ ընդունած են Սահմանադրական դատարանի որոշումը, քանի որ այն ոչ միայն եկեղեցիին պատկանող կալուածքներու վերադարձի մասին է, այլ նաեւ Մուսա լերան հայկական գիւղերու շարք մը կալուածքներու։
Ան շեշտած է, որ Սահմանադրական դատարանի որոշման հիման վրայ կը սկսին 27 կալուածքի վերադարձի համար դատական գործընթաց։
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ մնացած հայկական միակ գիւղի՝ Վաքըֆի եկեղեցին եւ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը նախապէս իշխանութիւններուն կողմէ բռնագրուած էին եւ փոխանցուած գանձապետարանին: