image

Հայաստանի Սահմանային գիւղերուն համար «Յոյս-4» ծրագիր. Ֆրեզնոյի հայկական համայնքը պատնէշի վրայ (Լուսանկարներ)

Հայաստանի Սահմանային գիւղերուն  համար «Յոյս-4» ծրագիր. Ֆրեզնոյի հայկական համայնքը պատնէշի վրայ (Լուսանկարներ)

2023 թուականի Արցախի սեպտեմբերեան միօրեայ պատերազմի հետեւանքով տեղի ունեցած բռնի տեղահանութեան ու հայաթափման օրերուն,  տունը կորսնցուցած արցախցիներէն շատեր, հաստատուեցան Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը: Այսօր, շնորհիւ Ֆրեզնոյի հայկական  համայնքի նուիրեալ անդամներ՝  բժիշկ Վաչէ Վասիլեանի ու Պերճ Աբգարեանի մտայղացած «Յոյս» ծրագրին, վերջիններս կը շարունակեն իրենց կեանքը նոր բնակավայրերուն մէջ:

Այս մասին «Արերեւլք» վերահասու կը դառնայ Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնի պաշտօնական էջէն, ուր լրագրող, ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող եւ «Յոյս» ծրագիրի կամաւոր՝ Թաթուլ Յակոբեան մասնաւորապէս կը գրէ: 

2023 թուականի սեպտեմբերի պատերազմին Հայաստան կը գտնուէր Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը: Անձամբ տեսնելով աղէտի չափերը, անձնապէս շփում ունենալով  բնակարանը կորսնցուցած արցախցիներուն հետ եւ վերադառնալով տուն՝ Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս, «Յոյս» ծրագրի մտայղացման հեղինակ Պերճ Աբգարեան եւ բժիշկ Վաչէ Վասիլեան  սկիզբ կու տան «Յոյս» ծրագրին (Operation Hope):

Հարկ է յիշել, որ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը վերջին 10 տարիներուն անընդմէջ երկու շաբաթով եղած է Հայաստան եւ Արցախ (մինչեւ 2020 թուականը) եւ բժշկական սարքաւորումներով, դեղորայքով ու տարբեր մասնագէտ բժիշկներով օգտակար եղած Հայրենիքին՝ այցելութիւններ տալով Գիւմրի, Գորիս եւ բազմաթիւ քաղաքներ ու աւաններ:

«Յոյս» ծրագիրէն արդէն օգտուած են արցախցի 30 ընտանիքներ, որոնք հաստատուած են Ատրպէյճանի հետ սահմանային՝ 4 գիւղերու մէջ՝ Բերդաւան, Բարեկամաւան, Չինարի եւ Դաւիթ Բէկ: Առաջին երեք գիւղերը Տաւուշի մարզ, Դաւիթ Բէկը՝ Սիւնիք: Առաջիկայ օրերուն ծրագիրը կրնայ ըլլալ ներառէ Նախիջեւանի հետ սահմանային Վայոց Ձորի 2 գիւղեր՝ Սերս եւ Բարձրունի, ուր հաստատուած են Արցախէն բռնի տեղահանուած 7 ընտանիքներ, որոնցմէ մէկը ունի 11 երեխայ: 

Չինարի գիւղը Արցախէն բռնի տեղահանուած Աղասի Յակոբեան ազգանունով երկու ընտանիք կայ: Որպէսզի տարբերուին, Աղասիներէն մէկը կը կոչեն Լաչինսքի, ռուսերէնէն թարգմանաբար՝ Լաչինի բնակիչ: Անսահման ողբերգութեան մէջ իսկ մարդիկ պահած են հումորի զգացումը, ինչ որ նոր կեանքի ու նոր ապագայի յոյսն է: Աղասի Լաչինսքի Յակոբեան ծնած է Բերձոր եւ տունը կորսնցուցած նախքան 2023 թուականի սեպտեմբերեան տեղահանութիւնը: Ան չ'օգտուիր Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած որեւէ ծրագիրէ, քանի որ տեղահանուած է ոչ թէ 2023 թուականի աշնան, այլ երեք տարի առաջ:

Ֆրեզնոյի հայերու եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան «Յոյս» ծրագիրով առաջին համակարգուած օգնութիւնը ստացած է 4 մանկահասակ երեխաներու հայր Աղասին: Ան կը ցանկար կով պահել եւ գոմ ունենալ, որպէսզի 4 երեխաները կաթ եւ մածուն ունենան:

Չինարի հաստատուած միւս Աղասի Յակոբեանը Մարտակերտի Գետաւան գիւղը կոսնցուցած է տունը: Աղասին 5 մանկահասակ երեխաներու հայր է: «Յոյս» ծրագիրով ան արդէն ունի նոր բաղնիք, խոհանոց եւ տաք ջուր: Հինգ մանկահասակ երեխաներ ունի նաեւ Միխայիլ Բաբայեան՝ 2-էն 6 տարեկան: Ան տեղահանուած է Մարտունիի Կարմիր Շուկա գիւղէն:

Չինարիի մէջ, գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեանի առաջարկով, որոշուած է վերանորոգել եւ տաք ջուրով ապահովել այնտեղ հաստատուած 11 ընտանիքներու բաղնիքները, որպէսզի ունենան տաք ջուր: 

«Յոյս» ծրագրով գիւղերն ընտրուած են հետեւեալ սկզբունքով՝ անոնք պէտք է ըլլային Ատրպէյճանի հետ սահմանային եւ ունենային ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն: Առաջին կանգառը Բերդաւանն էր:

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին Տաւուշի մարզի Բերդաւան գիւղը տուած է 6 զոհ եւ մէկ անհետ կորած: 2023-ի սեպտեմբերեան բռնի տեղահանութեան հետեւանքով 100 հազարէն աւելի արցախահայութենէն եօթ ընտանիք հաստատուած է այստեղ:

Գիւղացիները, համայնքի ղեկավար Արամ Զուրաբեանը, ինչպէս Հայաստանի միւս բնակավայրերուն մէջ, այստեղ եւս կ'օգնեն արցախցիներուն՝ ինչով, որ կրնան: Պետութեան, տեղական կազմակերպութիւններու եւ անհատ բարերարներու աջակցութիւնը կարեւոր է, սակայն արցախցիներու կարիքները շատ-շատ են: 

Բերդաւանի եօթ նոր ընտանիքներէն երեքը հարազատներ են: Վրէժ Հայրապետեան տեղահանուած է Մարտակերտի շրջանի Ներքին Հոռաթաղ գիւղէն: Կ'ապրի կնոջ եւ որդիին հետ: Երեք հոգինոց այս ընտանիքը իր ցանկութեամբ ստացաւ 2 խոզ, 15 հաւ, առաջիկայ քանի մը ամիսներուն համար՝ անասուններուն եւ թռչունի կեր: 

Վրէժ Հայրապետեանի որդին՝ Սասունը, չորս դպրոցական եւ մէկ մանկահասակ երեխաներու հայր է: «Յոյս» ծրագրի ծիրէն ներս Սասուն արդէն ստացած է 5 հատ խոզ, 35 հատ հաւ, վերանորոգած կենդանիներու կացարանը: 

Սասունի քոյրը՝ Լիրան, որ ամուսնացած է Մարտակերտի Մոխրաթաղ գիւղ, եւս հաստատուած է Բերդաւան: Կ'ապրի ամուսնոյն՝ Նուէր Ալեքսանեանի եւ 3 դպրոցական երեխաներուն հետ: Նուէր եւս որոշած է զբաղիլ անասնապահութեամբ: Անոնք արդէն ստացած են 6 հատ խոզ, 17 հատ հաւ, անասունները կերակրելու համար 1 թոն գարի: 

Բերդաւան հաստատուած բոլոր 7 ընտանիքներու տուներու մէկ տարուան վարձերը հոգացած են տեղական հասարակական կազմակերպութիւնները, քանի մը տուներու համար տանտէրները վարձ չեն պահանջած եւ սիրայօժար տրամադրած են արցախցիներուն: Առաջիկային պէտք է լուծում տրուի նաեւ արցախցիներու՝ մշակելի հողեր ունենալու հարցին: 

Գիւղ հաստատուած չորրորդ ընտանիքը Շուշիէն է: Թումանեաններու ընտանիքը 5 հոգինոց է՝ Էտկարը, մայրը, կինը եւ երկու երեխաները: Ծրագիրի ծիրէն ներս ընտանիքի ցանկութեան համաձայն արդէն ստացած է 4 հատ խոզ, 15 հատ հաւ, անասուններու կեր, նորածին երեխայի համար առաջին անհրաժեշտութեան իրեր: 

Հինգերորդ ընտանիքը եկած է Մարտունիի Կարմիր Շուկա գիւղէն:   Շահնազարեան կնոջ եւ 5 երեխաներու հետ է, որմէ 4-ը՝ դպրոցական են: «Յոյսի» ծրագիրի ծիրէն ներս իր հասանելիք օժանդակութիւնը ուղղած է բաղնիքի եւ սանհանգոյցի ամբողջական վերանորոգութեան: Արտակ 44-օրեայ պատերազմին վիրաւորուած է եւ ունակ չէ ծանր, գիւղական աշխատանքներ կատարելու:

Բերդաւան հաստատուած վեցերորդ ընտանիքը եկած է Ստեփանակերտէն: Ասրեանները ուսուցիչներ են: Ընտանիքի հայրը՝ Վիլգէն, արդէն աշխատանք ունի Նոյեմբերեանի համայնքի Բագրատաշէնի դպրոցը, իսկ կինը շուտով աշխատանք կ'ունենայ Բերդաւանի դպրոցը: Անոնց հետ է նաեւ որդին՝ Վահէն, եւ դուստրը՝ Վեհանուշը 2 երեխաներուն հետ: Վիլգէն ցանկութիւն յայտնած է զբաղիլ ոչխարաբուծութեամբ: 

Բերդաւան հաստատուած եօթերորդ ընտանիքը եկած է Մարտունիի Բերդաշէն գիւղէն: Մհեր Մովսիսեան  կ'ապրի տիկնոջ եւ մօր հետ: Անոնք ցանկացած են եւ արդէն ունին հաւեր: 

Բերդաւան հաստատուած բոլոր ընտանիքները ստացած են գիւղատնտեսական գործիքներ, ինչպէս նաեւ իրենց ցանկութեամբ այլ կենցաղային մեքենաներ:

Տաւուշի մարզի երրորդ գիւղը, ուր հասաւ «Յոյս» ծրագիրը, Բարեկամաւանն է: Բարեկամաւանը լաւ օրինակ է այն բանի, թէ ինչպէս մարդիկ կը խանդավառուին Ֆրեզնոյի հայերու ծրագիրով եւ իրենք նոյնպէս նուիրատուութիւններ կ'ընեն: Այս պահու դրութեամբ ձեւաւորուած է պիւտճէ, որով հնարաւոր է եւս 8 ընտանիքներ տեղափոխել Բարեկամաւան եւ անոնց տրամադրել նուազագոյն 1000 տոլարի օժանդակութիւն՝ տան վերանորոգում կամ ընտանի կենդանիներու տրամադրում: Աշխատանքները կը կատարուին գիւղի վարչական ղեկավար Գարիկ Աբազեանի հետ:

Սիւնիքի Դաւիթ Բէկ գիւղ ծնած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեան: Այս գիւղ հաստատուած են բռնի տեղահանուած 7 ընտանիքներ:

Արամ Իսրայէլեան Ասկերանի Պատարա գիւղէն է: Ընտանիքը բազմանդամ է՝ կինը եւ 5 երեխաներ: «Յոյս» ծրագիրով Արամ կով եւ խոզ գնեց իր հարեւանէն՝ Արա Մելքումեանէն, որ ամէն օր կ'օգնէ իր նոր հարեւանին:

Պայծառ Ղարաբեկեան միայնակ մայր է 5 երեխաներու, աւագը 16 տարեկան, կրտսերը՝ 6 տարեկան: Ասկերանի Դահրաւ գիւղէն տեղահանուած է: Ցանկութիւն ունի Դաւիթ Բէկ հաստատուելու: «Յոյս» ծրագիրով ան ստացաւ հաւեր, խոզեր եւ քանի մը ամիսներու անասնակեր: Այս ընտանիքի օգնութիւնը, ասով պիտի չսահմանափակուի:

Հինգ երեխաներու հայր է Կարէն Յակոբեան: Կարէն տիկնոջ եւ երեխաներուն հետ Դաւիթ Բէկ տեղափոխուած է Ստեփանակերտէն: 

Սիւնիքի մարզի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանային Դաւիթ Բէկ գիւղ հաստատուած արցախցիներու հաւաքատեղին գիւղապետարանի հարեւանութեամբ գտնուող Մարիեթա Ներսէսեանի տունն է: Մարիեթան եւս տեղահանուած է Դահրաւ գիւղէն: Քանի մը համագիւղացիներու հետ ան Ստեփանակերտէն Գորիս հասած է նոյն մեքենայով, բռնի տեղահանութեան ճանապարհը տեւած է գրեթէ երկու օր: Դաւիթ Բէկի նոր տունը ան կ'ապրի հօր եւ երկու աղջիկներուն հետ: Որդին՝ Ալպերթը, նոր ամուսնացած է Գորիսի Շինուհայր գիւղէն Լուսինէ Աւանէսեանի հետ եւ այլ տուն տեղափոխուած:

Դաւիթ Բէկ հաստատուած բոլոր 7 ընտանիքները ստացան իրենց նախընտրած ընտանի կենդանիները:

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու համար ընտանի կենդանիները կը գնուին այն գիւղերէն, ուր անոնք հաստատուած են, ինչ որ կը նշանակէ ուղղակի ներդրումներ գիւղական, սահմանային այդ բնակավայրերուն մէջ:

«Յոյս» ծրագիրը, Ֆրեզնոյի հայութեան ջանքերը, Պերճ Աբգարեանի ու Վաչէ Վասիլեանի նուիրուածութիւնը վարակիչ են Սփիւռք բնակող այլ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու համար: Երկու ամիսներու ընթացքին, երբ կ'ընթանար «Յոյս» ծրագիրը սահմանային 4 գիւղերու մէջ, քանի մը կազմակերպութիւններ եւ անհատներ իրենց նուիրատուութիւներով օգնեցին Հայաստան հաստատուած արցախահայերուն: 

 

 Նիւթը «Արեւելք»ի համար ամփոփեց՝ Թ. Գասպարեան