image

Մոսկուա կը դատապարտէ Պաքուի մէջ եղածը

Մոսկուա կը դատապարտէ Պաքուի մէջ  եղածը

Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը վրդովեցուցած է Պաքուի ռուսական գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած վանտալիզմը, որու հետեւանքով աւերուած է մօտ 100 գերեզման։ Դիւանագիտական ​​առաքելութիւնը միջադէպը մեկնաբանած է Telegram-ի էջին:

«Հաշուի առնելով այս անուայել գործողութեան մաշտապները՝ դժուար է այն համարել պատահական խուլիկանական արարք։ Ցաւալի է, որ այդ տեղի ունեցաւ հանդուրժողականութեան եւ բազմամշակութայնութեան քաղաքականութիւն վարող Ատրպէյճանի մէջ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։ 

Դեսպանատունը աւելցուցած է, որ իր աշխատակիցները դէպքի վայր մեկնած են՝ ուսումնասիրելու բոլոր մանրամասները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի ղեկավարութեան միջադէպին անմիջապէս արձագանգելու համար։