image

Մոնթրէալի մէջ. Պարոյր Սեւակի նուիրուած յուշ երեկոյ

Մոնթրէալի մէջ. Պարոյր Սեւակի նուիրուած յուշ երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական եւ Պոլսահայ միութեան ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբերուն, տեղի ունեցած է բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի նուիրուած յուշ երեկոյ։

Այս մասին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց Գանատայի «Հորիզոն» պարբերականէն, որուն կողմէ ալ տարածուած լրատւութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական եւ Պոլսահայ միութեան ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբերուն, Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պոլսահայ միութեան «Արամ Խաչատուրեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ սերունդներու բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի նուիրուած յուշ երեկոյ, որուն ներկայ էին գաղութի ընթերցասէրներու եւ գրասէրներու հոծ բազմութիւն մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկան Պոլսահայ միութեան ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբի անդամ Հերա Սուքիաս եւ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նանոր-Աշնա Սնապեան, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ յայտնեցին, թէ զոյգ միութիւններու գործակցութիւնը նման գրական ձեռնարկներ կազմակերպելու՝ բացառիկ խանդավառութիւն կը ստեղծէ երկուստեք եւ տուն կու տան իւրայատուկ փորձառութեանց:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ Շանթալ Մանուկեանի պոլսահայ գրագէտ Զահրատի «Սեւակ» բանաստեղծութեան ընթերցումով, որմէ ետք Սեւակ Աֆարեան ընթերցեց Պարոյր Սեւակի ինքնակենսագրութենէն բաժին մը:

Պարոյ Սեւակի ստեղծագործութիւններէն հերթաբար ասմունքով հանդէս եկան Անահիտ Պալեան, որ ասմունքեց «Անորոշութիւն» բանաստեղծութիւնը, փոքրիկն Անի Քանաճեան՝ «Էշը», Նանոր-Աշնա Սնապեան Լիպարեան՝ «Որդուս», Արփի Սողոմոնեան՝ «Սպասում եմ քեզ», Վրոյր Մուղալեան ՝ «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ», Գարեգին Կիւրիւնլեան՝ «Ծերանում ենք» եւ Ռուբինա Քիւփելեան՝ «Ղօղանջ հրաժեշտի»: Մէջընդմէջ Սեւակ Աֆարեան շարունակեց ընթերցել հատուածներ Պարոյր Սեւակի ինքնակենսագրականէն, որ յապաւումներով համադրած էր Անոյշ Ակներեան:

Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին մէջ նկարահանուած տեսերիզով մը իր պատգամը փոխանցեց Երեւանէն գրականագէտ Սեւակ Ղազարեան՝ Պարոյր Սեւակի թոռնիկը, որ ողջունեց ներկաներն ու խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական եւ Պոլսահայ միութեան ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբերուն՝ Պարոյր Սեւակի աւանդը վառ պահելու ի խնդիր կազմակերպած սոյն ձեռնարկին առթիւ: Ան անդրադարձաւ նախորդ տարուան ընթացքին Երեւանի մէջ կազմակերպուած Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ հրատարակուած «100 բանաստեղծութիւն» գիրքի շնորհանդէսին, որ լոյս տեսած էր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին համագործակցութեամբ։ Ապա ան հրաւիրեց բոլոր ներկաները այցելելու Հայաստանն ու Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանը, որուն տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէ ինք:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան օրուան հանդիսավարները՝ Հերա Սուքիասն ու Նանոր-Աշնա Սնապեանը, որմէ ետք ձեռնարկը աւարտեցաւ Պարոյր Սեւակի «Երեւան-Էրեբունի» ներկաներուն մասնակցութեամբ խմբային երգով:

 

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»