Յատկանշական է «Գեղարուեստական ընտրանի» խորագրով Գ. հատորը, որ սրբազան հայրը ձօնած է իր մօրը՝ տիրամայր Ատրինէ Տօնոյեանին եւ բոլոր հայ մայրերուն, որոնց աղօթքը կանգուն կը պահէ իրենց որդիները: Գեղարուեստական էջերուն մէջ աւելի ցայտուն կը տեսնենք Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի գրիչին նրբութիւնը եւ միաժամանակ՝ խորութիւնը: Յուշագրութիւնը մտերմիկ ձեւ մըն է եւ զայն նոյնպէս տեղ գրաւած է սրբազան հօր գեղարուեստական գրութիւններուն մէջ: Գիրքերուն «Երկու խօսք»երը գրած է հայագէտ Սեդա Գրիգորեան, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Ալեքս Սրկ. Գալայճեան։
Թորգոմ Արք. Տօնոյեան ծնած է Լիբանան: Լիբանանը՝ Միջերկրական ծովուն «մարգարիտը» առանձնակի նշանակութիւն ունի երիտասարդ հոգեւորականին համար, թէ՛ իբրեւ ծննդավայր, թէ՛ հայկական, քրիստոնէական, համամարդկային արժէքներ կրող հնագոյն երկիր մը: Բայց Լիբանանը, մարգարիտ ըլլալէ զատ այսօր կը նմանի նաեւ նոյն ծովու ալիքներուն դէմ կեցած անպաշտպան գոյութեան մը, որ ժամանակ առ ժամանակ շնչահեղձ կ՚ըլլայ:
Ճերմակ թուղթին առջեւ միայնակ ու անկեղծ ըլլալու պատեհութիւնը զատ հմայք մը ունի: Շատեր կ՚ունենան այդ առիթները, բայց քիչեր կը զգան գիրին ուժը եւ այդ ուժով ազդելու կարեւորութիւնը: Մեր պատմութեան մէջ միշտ ալ եղած են գիրին, գրականութեան մօտ կեցած հոգեւորականներ: Աւելին՝ անցեալին գիրը գրեթէ անբաժան եղած է հայ հոգեւորականի կեանքէն, գործունէութենէն: Այսօր մեծապէս արժէք կը ստանայ այն մարդը, որ գիր կը ստեղծէ, որ ունակ է գոյատեւելու եւ ըսելիք հասցնելու սերունդներուն: Իսկ եթէ գրողը հոգեւորական է՝ առաւել եւս հետաքրքրական ու գնահատելի են անոր փորձառութենէն բխած տողերը, որոնք գիրքի կը վերածուին:
Գիրին հաւատարիմ մեր հոգեւորականներէն է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդ՝ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան, որու եռահատորը լոյս տեսաւ վերջերս՝ Լոս Անճելըսի մէջ: Երեք գիրքերէ կազմուած ժողովածոն խորագրուած է «Լո՜յս իմաստութիւն, իմաստութի՜ւն լոյս»: Անոր մէջ ամփոփուած է սրբազօն հօր՝ 2017-2023 թուականներու միջեւ իբրեւ առաջնորդ կամ առաջնորդական փոխանորդ եղած տարիներուն գրած հոգեւոր, ազգային մշակութային եւ գեղարուեստական բնոյթի գրութիւններէն:
Առաջին գիրքն է հեղինակին եւ ընտրուած նիւթերը ցոյց կու տան երիտասարդ հոգեւորական գրողին գեղարուեստական ընկալումները, հոգեւորի միջոցով մարդոց սիրտերուն հասնելու անոր ձգտումը, որ վերածուած է գեղեցիկ հայերէնով խոհագրութեան:
Եռհատորը տրամաբանօրէն երեք մասի բաժնուած է. Ա. հատորին մէջ ներառուած են Թորգոմ Սրբազանի առաջնորդական պատգամները, ապա «Գիրեր օրհնութեան եւ գնահատանքի» խորագիրով՝ ազգային կառոյցներու, միութիւններու, նուիրեալ մշակներու եւ անհատներու շնորհուած առաջնորդական եւ գնահատանքի գիրերը: Ուշագրաւ գիրերու կարգին տպագրուած է նաեւ «Ըլլանք զգօ՛ն, պահանջատէ՛ր, միացեա՛լ, արցախակա՛ն» խորագրով գրութիւնը, որուն մէջ սրբազանը աններելի կը նկատէ Արցախի կորուստը եւ շատերուն անտարբերութիւնը՝ այդ կորուստին հանդէպ, յիշեցնելով, որ պատմութիւնը պիտի չներէ…
Ա. հատորը ձօնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Եռահատորի Բ. հատորը կը կրէ «Հօտ եւ հովիւ» խորագիրը եւ ձեւով մը ձօն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմին, ուր անխոնջ նուիրումով ծառայած է սրբազան հայրը: Այդ ընթացքին ան զրոյցներ ունեցած է առաջնորդարանի հեռատեսիլային կայանէն եւ մտերմիկ ու անկեղծ այդ զրոյցներն են, որոնք ամփոփուած են Բ. հատորին մէջ:
Յատկանշական է «Գեղարուեստական ընտրանի» խորագրով Գ. հատորը, որ սրբազան հայրը ձօնած է իր մօրը՝ տիրամայր Ատրինէ Տօնոյեանին եւ բոլոր հայ մայրերուն, որոնց աղօթքը կանգուն կը պահէ իրենց որդիները: Գեղարուեստական էջերուն մէջ աւելի ցայտուն կը տեսնենք Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի գրիչին նրբութիւնը եւ միաժամանակ՝ խորութիւնը: Յուշագրութիւնը մտերմիկ ձեւ մըն է եւ զայն նոյնպէս տեղ գրաւած է սրբազան հօր գեղարուեստական գրութիւններուն մէջ: Գիրքերուն «Երկու խօսք»երը գրած է հայագէտ Սեդա Գրիգորեան, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Ալեքս Սրկ. Գալայճեան։
Թորգոմ Արք. Տօնոյեան ծնած է Լիբանան: Լիբանանը՝ Միջերկրական ծովուն «մարգարիտը» առանձնակի նշանակութիւն ունի երիտասարդ հոգեւորականին համար, թէ՛ իբրեւ ծննդավայր, թէ՛ հայկական, քրիստոնէական, համամարդկային արժէքներ կրող հնագոյն երկիր մը: Բայց Լիբանանը, մարգարիտ ըլլալէ զատ այսօր կը նմանի նաեւ նոյն ծովու ալիքներուն դէմ կեցած անպաշտպան գոյութեան մը, որ ժամանակ առ ժամանակ շնչահեղձ կ՚ըլլայ:
Ուղիղ չորս տարի առաջ՝ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթունը խոր անդունդի մէջ նետեց Լիբանանը, որ տակաւին ուշքի չէ եկած այդ ցնցումէն: Այդ պայթումը աննախադէպ էր եւ ցնցեց ողջ Լիբանանը, Մերձաւոր Արեւելքն ու աշխարհը: Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեան այդ օրերուն գրած է իր խոհագրութիւններէն մէկը՝ «Աստուածամայրը Լիբանանին»: Խոհագրութիւնը գրուած է Աստուածամօր վերափոխման տօնին առիթով եւ հեղինակը օգոստոսեան հրաշափառ օրերու աղօթքը իբրեւ ամենազօր ուժ կը յղէ Լիբանանին, որպէսզի ան ոտքի կանգնի, շարունակէ իր ճանապարհը: Ան հայ ժողովուրդի օրինակով ցոյց կու տայ ապրելու կամքը, որ երբեք չի կոտրուիր…
Այսօր Լիբանանը կրկին տագնապալի օրեր կ՚ապրի: Իսրայէլի ռազմական ճնշումի տակ է երկիրը եւ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին ընդառաջ կը ներկայացնենք նորատիպ գիրքէն այդ գրութիւնը՝ նուիրուած երկրի մը, որ յաճախ կը թեւակոխէ աղէտի, վախի, բայց եւ՝ հրաշքի սպասման շրջաններ…
ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ
ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Օրեր առաջ, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը ցնցեց համայն աշխարհը: Սարսռազդեցիկ լուրերուն հետեւող բոլոր սրտցաւ մարդոց պէս հոգեպէս աղէտահար եղայ նաեւ ես: Պատահարը աննկարագրելի էր: Համատարած քանդում ու աւեր՝ Լիբանանի սրտին մէջ: Մահ ու արիւն, սուգ ու կական, ողբ ու անյուսութիւն եկան աւելնալու արդէն իսկ հիւծած, անգործութեան, սովի, թագաժահրի ճիրաններուն մէջ գալարող եւ մարդկօրէն ապրելու անկարելիութեան մատնուած Լիբանանի ժողովուրդի առօրեային վրայ: Ամբողջ երկիր մը տեսաւ գեհեն, մեծ թիւով քաղաքացիներ մնացին անտուն, հազարներ վիրաւորուեցան, հարիւրներ մահացան, լոյս իջնէ հոգիներուն…
Արիւնալի այս խորապատկերին մէջ, երբ օր մը ետք կարդացի Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ճառը, յոյսը վերստին բնակութիւն հաստատեց հոգւոյս մէջ. յոյսը՝ վերականգնումի, Լիբանանի վերաշինութեան, յոյսը՝ աղէտահար ժողովուրդին օգնութեան հասնելու եւ զայն իր ներկայ ծանրագոյն փորձութենէն խաղաղ ափ հանելու վճռականութեամբ թաթաւուն:
Օգոստոսեան հրաշափառ օրերու մէջ ենք, Սուրբ Աստուածածնայ տօնը հեռու չէ. միտք, հոգի, զգացական աշխարհ, յիշողութիւններ՝ լիբանանահայու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամի, մտովին զիս հանեցին Պիքֆայա եւ աղօթքի կանգնեցուցին Ս. Աստուածածնայ մատուռին մէջ: Ու ես ծնրադրեցի կոյսին մայրական անհուն գթասրտութեան առաջ, դառնօրէն խնդրելով Լիբանանի եւ անոր հերոսական ժողովուրդի փրկութեան համար սրբուհիին երկնային միջնորդութիւնը:
Ու պահը թելադրեց արծարծուն հաւատքով քրքրել անցեալի յուշեր, վերապրիլ Աստուածածնայ տօնին խորհուրդը Պիքֆայայի բարձունքին, ուր այս տարի ծանօթ պատճառներով ամայի պիտի ըլլայ թէեւ, բայց աւանդական տօնախմբութիւնը պիտի շարունակուի եկող տարիներուն. յառա՛ջ Աստուած…
Ու շարժեցան մատներս համակարգիչիս ստեղնաշարին վրայ…
Զայս կը ձօնեմ ծննդավայր Լիբանանին, որ մահէն կեանք անցնելու ծանրագոյն փորձութեան մէջ կը գտնուի…
***
Կը շրջանցեմ ահասարսուռ ներկան եւ կ՚իյնամ մօտիկ անցեալին գիրկը: Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը ուխտի օրն է Պիքֆայայի բարձունքին կանգնած համանուն վանքին։ Մայրութեան բերրի եւ պտղալից անդաստանը՝ այս սուրբ վանքը, Կիլիկիոյ Հայրապետական Սուրբ Աթոռին հոգեւոր առաքելութեան աւիշ ներարկող կեդրոնն է։ Քրիստոսի Մօր անուամբ կնքուած վանքը, լոյսի փարոս ու յոյսի ներշնչարան է եւ սփիւռքի հայութեան հոգեւոր ապրումներուն անկորնչելի յիշատակարանն ու յոյզերուն վառարանը։ Աստուածամօր հարսնարանին՝ սուրբ վանքին ուխտի օրը բիւրաւոր հայեր, իրենց ձեռքն առած ուխտաւորի «ցուպը», կը բարձրանան վեր:
Ու կը բացուի ոգեշնչող տեսարանը: Իրօ՛ք որ հարսանիք է: Կը դիտեմ շուրջս: Լիբանանեան համայնապատկերին վրայ գողտրիկ Պիքֆայան իր կրծքին վրայ գրկած է Աստուածածնայ մատուռը, որ երկնասլաց իր կառուցուածքով կը բարձրանայ առ Աստուած, հետը բաձրացնելով նաեւ իրեն դիմողները: Ուղղակի կապ մը՝ հոգեղէն աշխարհէն դէպի մերինը: Աստուածածինը՝ միջնորդն ու կապը: Կը տեսնեմ, թէ ինչպիսի փութով փոխադրակառքերը կը յաջորդեն իրարու ամբողջ շաբթուան տեւողութեան: Տիրամօր բազմապատկուած կերպարանքները ըլլան կարծես. հայուհիներ՝ ամէն տարիքի, շարան-շարան ուխտի կու գան իրենց հոգիներու թագուհիին:
Հարսանի՜ք է, Պիքֆայայի հայկական շրջափակը՝ կառոյցներուն մէջը եւ դուրսը, բացօթեայ միջավայրին մէջ, յուշակոթողին շուրջ, Աստուածածնայ մատուռի միւռոնաբոյր պատերուն ներքոյ տօնական եռուզեռ կը տիրէ: Բազմահարիւր կիներու ներկայութիւնը շէնշող եռանդով մը կը բռնկեցնէ բոլորին սրտերը: Անոնք Լիբանանի զանազան քաղաքներէն ու գիւղերէն կ՚արտորան դէպի Պիքֆայա, աղօթական պահերու ներկայ ըլլալու տենչանքով եւ ամբողջ շաբաթ մը հարսը կը գովերգեն, ծնրադիր կ՚աղօթեն, շնորհակալութիւն կը յայտնեն, եւ անձնական, ընտանեկան, համայնական խնդրանքներով կը դիմեն Տիրամօր, իրենց ուխտը կը կատարեն բարեպաշտ հաւատացեալի խորին երկիւղածութեամբ, հոգեւոր ցնծութեան լոյսը սփռելով ո՛չ միայն Պիքֆայայի բլուրին, այլեւ՝ ամբողջ Լիբանանի վրայ:
Հոգեւոր ուխտագնացութեան համակեցութեան վայր է Լիբանան: Գրեթէ ամէն գիւղ ունի իր ուխտավայրն ու ուխտագնացութեան օրերը: Բոլորը գիտեն նաեւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածնայ մատրան զօրութեան մասին: Քովի երկիրներէն, թէ ովկիանոսներէն անդին զբօսաշրջիկներ յատուկ այս տօնին համար նաեւ Լիբանան կ՚այցելեն, որովհետեւ կը գիտակցին, որ Աստուածամօր հոգեւոր ու բարոյական ներկայութեան խորհուրդով ապրիլը երկնատուր պարգեւ մըն է, զի «մարմնաւոր քերովբէ» յայտարարուած սրբուհին՝ սէր ու գթութիւն կը բուրէ, մայրութիւն ու սրբութիւն կը ճառագայթէ։
Ամրօրէն բռնուած եմ յիշողութեանս ոսկեփայլ թելերէն, մինչ միտքս կը խորանայ պատմութեան բաւիղներուն մէջ: Ուրբաթ օրուան աղօթական պահէն ետք տեղի կ՚ունենայ աղօրհնէքի արարողութիւն: Ուխտաւորներուն նուիրաբերած բազմատասնեակ ոչխարները օրհնուած աղը կ՚ընդունին եւ ապա կը զենուին՝ ի պատրաստութիւն ժողովրդային մեծ տօնախմբութեան, մինչ բարեպաշտներուն առիթ կ՚ընծայուի բարձրանալու վեհարան եւ ստանալու Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութիւնը:
Վայրը կը լեցուի մշտնջենական խորհուրդով, որ մեր պապերուն, նախնիներու օրերուն կը կապէ մեզ, կարծես պատմական Հայաստանի ոստաններէն մէկուն մէջ ըլլայինք այդ պահուն, կամ կիլիկեան դարաշրջանը վերադառնայինք յետադարձ ոստումով մը: Չէ՞ որ հին ազգ ենք, երկիր մոլորակին վրայ մեր դրոշմը թողած ենք յատկապէս Միջին Արեւելքի տարածային լայն պաստառին վրայ՝ հայրենի հողի բացակայութեան: Ազգ ու եկեղեցի միասնաբար՝ ծաղկեցուցեր ենք մեր ազգային մշակոյթը, ժողովրդային մեր հաւատալիքներուն ընծայեր ենք մեծ կարեւորութիւն, ապրեր ենք փիլիսոփայօրէն, մեր արեան մէջ ամբարեր ենք դարաւոր յիշողութիւն, ուր իր անքննելի տեղը ունի Սուրբ Տիրամայրը:
Միտքս անմիջապէս կ՚արձագանգէ, թէ տարուան ընթացքին եօթը առիթներով տօնուող ու յիշատակուող Մարիամին, մեր սուրբ հայրապետներուն կողմէ տրուած են հարիւրաւոր ստորոգելիներ ու կոչումներ։ Հայոց եռամեծ վարդապետներն ու հոգեզմայլ տաղագիրները, իրենց հանճարի բոցէն ցոլացող լաւագոյն ստեղծագործութիւնները ընծայած են երկնաւոր վարդապետի անդրանիկ առաքեալին՝ Աստուածամօր. այն կնոջ՝ որ իր արգանդին մէջ կրեց մարդացեալ Աստուածը, հանդիսանալով խեփոր՝ տիեզերական մարգարիտին։
«Օրհնեա՜լ ես Դու ի կանայս»…
Լիբանանի տխուր լուրերուն իբրեւ հակադրութիւն, կը զգամ, որ բոլորիս մայրը կ՚այցելէ նաեւ ինծի, եւ իր ներկայութենէն մխիթարուած՝ փորձ կ՚ընեմ մերժելու անմերժելի ցաւատանջ ներկան ու անասելի ուժով մը Պիքֆայայի այս մշտադալար բարձունքին ես իմ մէջս կը հաստատեմ, որ հակառակ բոլոր տեսակի պատմաքաղաքական անկումներու եւ հողային, ունեցուածքի, այլեւ մարդկային կորուստներու, ահա՛ եւ մեր ժողովուրդը կանգուն է, աղօթքի մէջ արմատացած, Տիրամօր ի պատիւ կը նուիրէ իր լաւագոյնը, անվեհեր ու կորովի կը տօնախմբուի իր էութեան հարազատ Աստուածածնայ պատուանդանին շուրջ։
Կ՚ոգեւորուիմ, կը մանկանամ, խինդ ու ծիծաղ ինձմէ կը վանեն ամէն տեսակի սուգ ու աւեր ու կը տեսնեմ Աստուածամայրը՝ կանչող: Քաղաքներէն, գիւղերէն, ներքին ճամբաներէն ալիք-ալիք երիտասարդներ կը հասնին մատուռ: Կը հնչէ զուռնան, կը շաղկապուին երիտասարդ ձեռքերը եւ թա՛փ կ՚առնէ ժողովրդային տօնախմբութիւնը: Լայնատարած շուրջպարը կը դիւթէ բոլորը, հայ երգը կը լսուի մինչեւ հեռաւոր անկիւնները, Տիրամայրը ժպիտ կը բաշխէ հոգիներուն, մարդկային արիւնը կ՚եռայ նոր խինդով: Նուիրական այդ պահուն, ամէն ոք կարծես կ՚ողջագուրուի իր երկնային Մօր հետ նաեւ պարո՛վ, հոգիի ու մարմնի գեղեցկագոյն ընդելուզմամբ:
Թովչական այս մթնոլորտին յանձնուած կը շարունակեմ վերապրիլ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը։ Օրը շաբաթ է: Մարդկային պանծալի հեղեղ մը ներկայ կ՚ըլլայ բացօթեայ Սուրբ Պատարագին: Հինգ հազարէ աւելի աթոռները չեն բաւեր բոլորին: Երիտասարդներու մեծ բանակ մը կը մագլցի բլրան աջ ու ահեակ կողմերը, վեհացած պաշտամունքով մը կը հետեւի արարողութեան: Վարէն՝ առ Աստուած կը բարձրանայ բազմահազար հաւատացեալներու նոյնակշռոյթ հոգեւոր երգեցողութիւնը՝ միախառնուելով վերիններու «Սուրբ, Սուրբ»ին: Պահը կը լենու երկնային անպատմելի փառքով. երեկոն կը խորանայ, հաւատքը լուսեղէն մարմին կը ստանայ…
Աւելի բարձրերը կը սաւառնիմ մտովին, կը տեսնեմ անտեսանելին. վեհապանծ տեսարան, փշաքաղող՝ երկինք ու երկիր կը գրկընդխառնուին, ո՜հ, ինչպիսի պերճանք: Սուրբ Պատարագին ներկայ բոլոր սրտերը հրաշքի մը հանգոյն կը վերանորոգուին, խոր հաւատքով ականջ կու տան Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, ականատես կը դառնան հարիսայի եւ խաղողի օրհնութեան եւ կը ճաշակեն Սուրբ Հաղորդութիւնը:
Պիքֆայան կը տարածուի շուրջս, աւելի ուժգին կը մերժէ ներկան, կ՚ընդվզի Լիբանանը պատուհասած կործանիչ պայթումին դէմ ու կ՚ըլլայ աշխարհ մը սուրբ, անեղծ, բարի՜ եւ արբշիռ խնդութեամբ հաւատացեալները «կը վերափոխէ» Աստուածամօր հետ դէպի երկինք՝ առագաստը Յիսուս Քրիստոսի, ծննդավայրը՝ Լոյսի՛ն:
…Լոյսէն յանկարծ ցոլք մը կը ցաթի Կանայի վրայ: Ու մինչ կը պատրաստուիմ միտքերս ամփոփել, Սուրբ Մարիամ իր Որդինէն կը խնդրէ Կանայի հարսանիքին գինի «ապահովել», զի հիւրերը շատ են, տանտիրոջ գինին՝ սպառած…
Ու կը կատարուի Քրիստոսի առաջին հրաշքը՝ բիբլիական Լիբանանի Կանա քաղաքին մէջ: Հարսնեւորները կը լիանան աւելի՛ քաղցրահամ, հրաշագո՜րծ գինիով, որ կը վարարի առատութեամբ, կը յորդի աստուածային ուրախութեամբ…
***
Այս տողերը գրելու պահուն, կը հաւատամ, որ ամբողջ Լիբանանը իր գթասրտութեան կիզակէտը դարձուցած Սուրբ Աստուածածինը Պիքֆայայի բարձունքէն կը դիմէ իր բոլոր զաւակներուն, մեզի՛, ապրողներո՛ւս, մայրական աղերսանքով մը, որուն հնչիւնները կը լսենք մեր խղճին մէջ՝ օգնելու աղէտահար Լիբանանին, անոր որդեկորոյս մայրերուն, արիւնաքամ վիրաւորներուն, անօթի ու սոված, բայց վերականգնումի անվեհեր ու միասնական ճիգով ճամբայ ու շէնք, փողոց ու քաղաք մաքրող քաջարի երիտասարդներուն, անտուն մնացած սարսափահար քաղաքացիներուն, անկարներուն, ծերերուն, սիրտ ճմլող որբուկներուն, անդունդի եզրին կանգնած համայն Լիբանանի ամբո՜ղջ ժողովուրդին:
Հասնի՛նք օգնութեան՝ մեր անսակարկ նուիրատուութեամբ, բարոյական զօրակցութեամբ, դրամական յատկացումներով եւ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը իւրայատուկ հարսանիքի վերածենք՝ բոլոր մակարդակներու վրայ մեր եղբայրական զգացումները դրսեւորելով յանուն վաղուան կանգուն, առոյգ, վերածաղկած Լիբանանին եւ մահաբեր որոգայթներու դէմ ապրելու դրօշ պարզած հերոսապանծ որդիներուն, մի՛շտ հաւատալով, որ «Լիբանան պտղաբեր արտի պիտի դառնայ» (Եսայի 29:17)։
8 օգոստոս 2020, Լոս Անճելըս
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս