Ներկայ ժամանակներուն այնքան կարեւոր է լռութեան առաքինութիւնը: Սուրբերը կը նախընտրէին լուռ մնալ, նոյնիսկ հաւաքականութեան մէջ, եւ իրենց ժամանակը անցնել լու աղօթելով: Կը պատմուի վանականներու մասին, որոնք երբոր տեղ մը պիտի երթային, կը նախընտրէին իրարմէ հեռու քալել, որպէսզի իրար հետ չխօսին՝ այլ ճամբուն ընթացքին միայն լուռ աղօթեն: Շատ խօսիլը մեզ կրնայ առաջնորդել անտեղի խօսակցութեան եւ գաղափարներու, ինչ որ կրնայ մեր միտքն ու հոգին ապականել: Հիմա ոմանք կրնան հարց տալ՝ « կարելի՞ է այս աշխարհին մէջ վանականի կեանք ապրիլ»: Պատասխանը կրնայ ըլլալ՝ « ոչ անպայմանօրէն»: Բայց բոլոր անոնք, որոնք կ'ուզեն քրիստոնէաբար ապրիլ, պէտք է հետեւին Ս. Կոյսին եւ սուրբերու օրինակին: Եթէ անոնք տասը քայլ կ'առնեն, գոնէ մենք մէկ կամ երկու քայլերով պէտք է հետեւինք իրենց օրինակին:
Պատմութեան ընթացքին Ս. Կոյսը շատ մը հրաշքներով եւ երեւումներով, միշտ առաջնորդած է հաւատացեալները դէպի իր Որդիին: Կանայի հարսանիքի ընթացքին Անոր արտասանած բառեր միշտ կը հնչեն մեր ականջներուն՝ « ինչ որ ըսէ (Յիսուս) ձեզի, կատարեցէք»(Յովհ. 2:5): Դարեր շարունակ այս եղած է Ս. Աստուածածնին պատգամը մարդկութեան:
Առաջին դարերէն իսկ, ամենասրբուհի Կոյսը կեդրոնական ներկայութիւն էր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս. առաքելական շրջանէն կը տեսնենք, որ անոնք միշտ շրջապատուած էին Ս. Կոյսի շուրջ: Աստուածամօր վերափոխման դէպքը մեծագոյն օրինակներէն է, թէ առաքեալներուն համար որքան էական եւ առանցքային էր Աստուածամօր ներկայութիւնը իրենց հետ: Ան եկեղեցւոյ մեծագոյն պահապանն է եւ կղերին պաշտպանը: Ասոր համար կը տեսնենք, թէ սուրբերը ինչպիսի բարեպաշտութիւն ունէին Աստուածամօր հանդէպ: Երբոր հալածանքներու եւ դժուարութեանց ալիքները բարձրանային, անոնք կը դիմէին ամենասրբուհի Կոյսին մայրական պաշտպանութեան՝ Անոր մօտ գտնելով իրենց ապահովութիւնը ու մայրական մխիթարութիւնը: Իրօք ըսուած է՝ «առանց Ս. Կոյին սրբութիւն չկայ»:
Պատմութեան ընթացքին Ս. Կոյսը շատ մը հրաշքներով եւ երեւումներով, միշտ առաջնորդած է հաւատացեալները դէպի իր Որդիին: Կանայի հարսանիքի ընթացքին Անոր արտասանած բառեր միշտ կը հնչեն մեր ականջներուն՝ « ինչ որ ըսէ (Յիսուս) ձեզի, կատարեցէք»(Յովհ. 2:5): Դարեր շարունակ այս եղած է Ս. Աստուածածնին պատգամը մարդկութեան:
Նաեւ Ս. Կոյսը իր երեւումներով եւ հրաշքներով միջամտած է մարդկութեան պատմութեան մէջ, փրկելով, առաջնորդելով եւ բժշկելով:
Մինչեւ հիմա յիշեցինք Ս. Կոյսին իւրայատուկ դերակատարութեան մասնին եկեղեցւոյ մէջ՝ իր հրաշքներն ու բարեխօսութիւնը. այսուհանդերձ վեր առնենք նաեւ Իր առաքինութիւնները: Առաջին հերթին հարկ է նշել Անոր խոնարհութիւնը: Ս. Կոյսը, երբ «Այո» ըսաւ Ս. Գաբրիէլի աւետումին, ան գիտէր իր պատասխանին հետեւանքները. Ան կրնար ընկերային լուրջ խնդիրի մը առջեւ գտնուիլ: Առաւել՝ Անոր պիտի յանձնուէր այն հսկայ առաքելութիւնը՝ ըլլալու աշխարհի Փրկիչին մայրը՝ ըլլալու Աստուածամայրը: « Քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» (Ղուկ. 1:38) եղաւ Անոր պատասխանը: Անոր «Այո» աստուածայի կամքին հնազանդութիւն էր, որով դարձաւ փրկութեան ծրագրին մասնակից:
Ս. Կոյսին խոնարհութիւնը կը յայտնուի նաեւ իր լուռ մնալուն մէջ: Աւելի հասկնալու համար Մարիամի այս լռութեան առաքինութեան մասին, ակնարկ մը նետենք մեր անձերուն վրայ: Կը պատահի, երբ ամբողջովին պատահականութեան հետեւանքով մենք զմեզ կը գտնենք հռչակ ունեցող անձնաւորութեան մը կողքին. հետը կը նկարուինք, ապա՝ մեր ընկերային ձանձերու էջերը կը հեղեղենք մեր նկարներով, ցոյց տալու համար՝ թէ որքան կարեւոր անձնաւորութիւն ենք մենք: Սակայն Ս. Կոյսը ոչ մէկ բառ խօսեցաւ. Աւետարանները կը յիշեն անոր լռութեան մասին: Ան գիտէր, թէ ով էր իր որդին, այսուհանդերձ խոնարհութեամբ եւ առանց ուշադրութիւն գրաւելու եւ առանց խօսելու, կը հետեւէր Անոր՝ եւ ընթացքին բոլոր պատահածները Իր միտքը պահելով՝ «Բայց Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ» (Ղուկ. 2:19)։
Ներկայ ժամանակներուն այնքան կարեւոր է լռութեան առաքինութիւնը: Սուրբերը կը նախընտրէին լուռ մնալ, նոյնիսկ հաւաքականութեան մէջ, եւ իրենց ժամանակը անցնել լու աղօթելով: Կը պատմուի վանականներու մասին, որոնք երբոր տեղ մը պիտի երթային, կը նախընտրէին իրարմէ հեռու քալել, որպէսզի իրար հետ չխօսին՝ այլ ճամբուն ընթացքին միայն լուռ աղօթեն: Շատ խօսիլը մեզ կրնայ առաջնորդել անտեղի խօսակցութեան եւ գաղափարներու, ինչ որ կրնայ մեր միտքն ու հոգին ապականել: Հիմա ոմանք կրնան հարց տալ՝ « կարելի՞ է այս աշխարհին մէջ վանականի կեանք ապրիլ»: Պատասխանը կրնայ ըլլալ՝ « ոչ անպայմանօրէն»: Բայց բոլոր անոնք, որոնք կ'ուզեն քրիստոնէաբար ապրիլ, պէտք է հետեւին Ս. Կոյսին եւ սուրբերու օրինակին: Եթէ անոնք տասը քայլ կ'առնեն, գոնէ մենք մէկ կամ երկու քայլերով պէտք է հետեւինք իրենց օրինակին:
Վերջապէս կարեւոր է յիշել ամենասրբուհի Աստուածամօր բարեխօսութիւնը: Անոր աղօթքները իւրայատուկ տեղ եւ զօրութիւն ունին: Աղօթենք Իրէն, խնդրելով որ ան մեր կողքին կենայ եւ օժտէ մեզ աստուածային շնորհքներով ըլլալու ճշմարիտ քրիստոնեաներ՝ փառաբանելու համար Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին. ամէն
Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Նիւթը՝ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն