image

Հայկական անձնագիրը «ամենազօրաւոր»ի ցանկին մէջ 66-րդն է

Հայկական անձնագիրը «ամենազօրաւոր»ի ցանկին մէջ 66-րդն է

Աշխարհի ամենազօրաւոր անձնագիր ունեցող երկիրներու շարքին մէջ Հայաստանը կը գրաւէ 66-րդ տեղը. կը գրէ mediamax.am:

Passport Index-ի փոխանցմամբ ՝ «զօրեղութեան» չափանիշ է անձնագրի տիրոջ առանց մուտքի արտօնագրի օտար երկիրներ այցելելու կարելիութեան քանակը:

Վարկանիշի մէջ ներկայացուած 96 երկրի անձնագիրներէն, 66-րդ հորիզոնականը Հայաստանի հետ կիսած են Զիմպապուէյը, Ղրղըզստանը եւ Չինաստանը:

Վրաստանը 57-րդ տեղը գրաւած է, իսկ Ազրպէյճանը՝ 63-րդ:


Առաջատարն է Գերմանիան, որու քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան 157 երկիր այցելել: 

Երկրորդ հորիզոնականի վրայ են Շուէտը եւ Սինկափուրը, որոնց քաղաքացիները կրնան ազատ մուտք գործել 156 երկիր:

Դանիայի, Ֆինլանտայի, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Զուիցերիոյ, Նորվեկիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ ԱՄՆ-ի քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան այցելել 155 երկիր: 

Ցանկի վերջին տեղը կը գրաւեն Փաքիստանը եւ Աֆղանստանը: mediamax.am