image

Միրզոյեանը պիտի մեկնի Թուրքիա՝ մասնակցելու Անթալիոյ խորհրդաժողովին

Միրզոյեանը պիտի մեկնի Թուրքիա՝ մասնակցելու Անթալիոյ խորհրդաժողովին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը մարտ 1-ին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Թուրքիա՝ մասնակցելու Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովին, յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Անի Բադալեանը։

Միրզոյեանը Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովին մասնակցած էր նաեւ 2022-ի մարտին։ Նախորդ տարի եւս Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավարը մեկնած էր Թուրքիա։ 2023-ի փետրուարին Արարատ Միրզոյեանը երկրաշարժէն տուժած Ատիեաման քաղաքին մէջ հանդիպած էր որոնողափրկարարական աշխատանքներ իրականացնող ՀՀ փրկարարական խումբին եւ Անգարայի մէջ բանակցութիւններ վարած էր Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ։