Եգիպտացի ակադեմական գործիչ եւ Միջազգային օրէնքի մասնագէտ՝ փրոֆ. Այման Սալամա օրերս ուշագրաւ անդրադարձ մը գրած է Արցախ աշխարհը Մայր Հայաստանին կապող Լաչինի Միջանցքի Ատրպէյճանի կողմէ փակուած մնալուն եւ այդ պատճառով ալ Արցախի մէջ ստեղծուած աւելի քան մտահոգիչ իրադրութեան մասին։
Ան մասնաւորապէս կը գրէ.-«Միջազգային կազմակերպութիւններու, անոնց կարգին՝ Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի ճնշում գործադրելու ջանքերը ձախողեցան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ազատելու դաժան տառապանքներէն։ Կեանքը կիսով չափ անդամալուծուած է ելեկտրականութիւն խնայելու համար, կենցաղային անհրաժեշտ պէտքեր չկան, պարէն, ինչպէս՝ ալիւր, ցորեն, շաքար, ձէթ եւ բրինձ կարելի չէ փոխադրել Հայաստանէն, որովհետեւ Լաչինի միջանցքը, որ միակ բեռնափոխադրման ճանապարհն է Հայաստանի եւ Ղարաբաղի փակուած կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ: Անկարելի է նաեւ բժշկական օգնութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերել Ղարաբաղի տագնապալի հայ բնակչութեան:
Անցեալ տարուան 20 դեկտեմբերին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը արտակարգ նիստ ՄԸ գումարեց քննարկելու համար Լաչինի միջանցքի փակման մարդասիրական աղէտալի հետեւանքները. նիստի ընթացքին անդամ երկիրներէն Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները յորդորեցին Ատրպէյճանը միջանցքի վերաբացման հարցով: Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցիչը մտահոգութիւն յայտնեց շրջափակման շարունակուելու կապակցութեամբ, նշելով անոր ազդեցութիւնը խաղաղ բնակիչներու, երեխաներու եւ կանանց, ինչպէս նաեւ բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց վրայ, բայց այս բոլորը արդիւնք չտուին:
Գաղտնիք չէ, որ 13 դեկտեմբեր, 2022-ին, Ատրպէյճանէն խումբ մը քաղաքացիներ որոնք կը ներկայանային, որպէս բնապահպաններ, փակեցին Լաչինի միջանցքը՝ արգելք դառնալով 1100 մարդու , ներառեալ 270 երեխայի, իրենց բնօրրանը վերադառնալու։ Անոր յաջորդեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարման դադրեցումը, որու հետեւանքով 120,000 ղարաբաղցի հայեր ենթարկուեցան մարդասիրական ճգնաժամի, սակայն բարեբախտաբար Միջազգային Հանրութեան կողմէ եղած ճնշումներուն հետեւանքով , երեք օր անց կազի մատակարարումը վերականգնուեցաւ:
25 փետրուար, 2023-ին, Արդարադատութեան Միջազգային դատարանը որոշում կայացուց, որ Ատրպէյճան դադրեցնէ գլխաւոր ճանապարհի շրջափակումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքի բնակիչներու կեանքն ու տեղաշարժը կը խոչընդոտէ:
Նկատի առնելով, որ Ղարաբաղի լեռնանցքը փակուելէն ետք դեղորայքի ու սնունդի պակաս ստեղծուած է այնտեղ ապրող 120000 հայերուն համար, նաեւ հիւանդներ փոխադրելու անկարելիութիւն, անցեալ տարուան դեկտեմբերին Հայաստան հայց ներկայացուցած էր Լահայի Միջազգային դատարանին, նաեւ Սթրասպուրկի Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին, որպէսզի երկու դատարանները պարտաւորեցնող միջոցներ սահմանեն Ատրպէյճանի դէմ:
Այս երկու միջազգային դատարաններու կողմէ հրամաններու տեսքով արձակուած պարտաւորեցնող միջոցները նպատակ ունին ժամանակաւոր կերպով ապահովել կողմերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մինչեւ հակամարտութեան վերջնական վճիռի կայացումը:
Հարկ է նշել, որ դատարանի կողմէ նշանակուած պարտաւորիչ միջոցները վերջնական չեն, եւ ենթակայ են փոփոխութեան, եթէ հանգամանքները փոխուին կամ վերացուին։
Բայց այդ միջոցները նաեւ հրատապ բնոյթ ունին, որովհետեւ սպասել մինչեւ հակամարտութիւնը վերջնականօրէն կարգաւորուի կրնայ յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներու:
Դատարանը իրաւասու է իր սեփական միջոցները պարտաւորեցնելու (proprio motu) եթէ հակամարտութեան կողմերէն որեւէ մէկը դիմում չէ ներկայացուցած այդ միջոցներուն համար: Դատարանը իր հայեցողութեամբ անհրաժեշտ կը տեսնէ կիրառել որոշուած միջոցներ կողմերու իրաւունքները պահպանելու համար:
Արդարադատութեան Միջազգային դատարանը այս իրաւասութիւնը ունի ներքին կանոնագրի 75-րդ յօդուածի առաջին պարբերութեան համաձայն, ուր ըսուած է. «Դատարանը որեւէ ժամանակ, եթէ անհրաժեշտ է, կրնայ ձեռնարկել միջոցներու, որոնք պէտք է կիրառուին կամ յարգուին կողմերէն որեւէ մէկուն կամ բոլոր կողմերու կողմէ»:
Եզրափակելով՝ Միջազգային իրաւունքի կանոններու համաձայն, նկատի ունենալով, որ երկու պետութիւններու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դեռ գոյութիւն ունի պատերազմական դրութիւն, ուրեմն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բոլոր միջազգային պայմանագրութիւնները ուժի մէջ են անոնց նկատմամբ, հետեւաբար, յատկապէս Ատրպէյճան կը կրէ այն միջազգային պատասխանատուութիւնը, որ կանոններով պարտադրուած է այս հարցի առընչութեամբ, նաեւ Ատրպէյճան պարտաւոր է իրականացնել Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի կողմէ նախապէս նշանակուած՝ 25 փետրուար, 2023-ի պարտաւորիչ միջոցները։»