Քոնկրեսական Ֆրանք Փալոն Թուիթըրի իր էջին ողջունած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի դիրքորոշումը Արցախի մարդասիրական ճգնաժամի վերաբերեալ:
«Ուրախ եմ, որ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը կ'ընդունի, որ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ կայ: Այժմ միջազգային հանրութիւնը պէտք է միասին գործէ, որ երաշխաւորէ, որ Ալեւը դադարեցնէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ կրկին թոյլ տայ առաջին անհրաժեշտութեան օգնութեան ու ապրանքներու առաքումը Արցախ»,- գրած է Փալոն: