image

Թեմական երկօրեայ համագումար նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեանի

 Թեմական երկօրեայ համագումար նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ.   Տ. Մեսրոպ   եպս. Պարսամեանի

 Օրերս ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան նախագահած է Միջատլանտեան թեմական կրօնական երկօրեայ համագումարը։ 

«Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ Թեմիս պաշտօնական էջէն, ուր նշուած է հետեւեալը՝

12 եւ 13 Մարտին Միջինատլանտեան տարածաշրջանի թեմական հոգեւորականները կատարեցին Մեծ Պահքի երկօրեայ համագումար մը։ Այդ տարեշրջանի երկրորդ համագումարն էր, զոր կը նախագահէր թեմակալ Առաջնորդ՝ Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեանը։ 

Ներկայ էին մօտ 14 հոգեւորականներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր շրջաններու ծուխեր՝ Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի, Քոննէքթիքաթի, Փէնսիլվէնիայի, Ուաշինկթոն Տի Սիի, եւ որոնք բոլորը միատեղ  հաւաքուած էին Նիւ Ճըրզիի նահանգի, «Լոնկ Պրանչ»ի «Սէնթ Ալֆոնսօ» կեդրոնին մէջ։ 

Հոգեւորականները կրկին անգամ վայելեցին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանի ներկայութիւնն ու իմաստուն խորհուրդները, որ այս տարեշրջանի համագումարներու պատգամաբեր հոգեւորականն էր։ 

Ինչպէս տեղի ունեցած էր Նիւ Ինկլընտի հաւաքին, այս համագումարն ալ կեդրոնացած էր հովուական ծառայութեան երկու բաժիններուն վրայ՝ անդրադառնալով քահանաներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, համայնքին մէջ մխիթարութեան աղբիւր ըլլալու անոնց կարողութեան եւ սեփական հոգեւոր բարեկեցութիւնը սնուցելու կարեւորութեան:  

«Կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը մեր երեկոն էր, Նիւ Ճըրզիի Էլպէրոն շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ,- ըսաւ Մեսրոպ եպիսկոպոսը,- ուր մենք խորհրդաւոր պաշտամունք մը կատարեցինք, որուն յաջորդեց Մեծ Պահքի ընթրիքը, որ բարեհաճութեամբ կազմակերպուած էր Տէր Դանիէլ Քարաճեանի եւ Երէցկին Մարիամի կողմէ։ Այդ միջոցին նաեւ նշեցինք Երէցկինին տարեդարձը»։ 

Մեսրոպ Սրբազան աւելցուց ըսելով. «Ես երախտապարտ եմ որ հնարաւորութիւնը ունեցայ անգամ մը եւս հանդիպելու հոգեւոր եղբայրներուս: Ընկերային եւ հոգեւոր այս պահերը անհրաժեշտ են մեզի համար, որոնք մեզի կը յուշեն այն ուժին մասին, որ մենք գտնենք մեր հաւատքին եւ մէկզմէկու մէջ»: