image

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը խօսած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը խօսած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար՝ Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցած է ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս մասին ան յայտնած է իր թուիթըրեան միքրոպլոկով։

«ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ այսօր զրուցած եմ Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակի մասին։ Կոչ ըրած եմ շարունակելու զսպուածութիւնն ու ուղիղ երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի հետ առկայ խնդիրներու լուծման համար», - գրած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը։

Մէկ այլ գրառումով ալ ան յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի մասին։

«Վստահեցուցած եմ Իլհամ Ալիեւին, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է ներգրաւուիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան մէջ ու աւելի դիւրին դարձնել այն՝ օգնելու կայուն խաղաղութեան հասնելու Հարաւային Կովկասի մէջ», - նշած է Պլինքըն։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար՝ Էնթընի Պլինքընի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող լարուած իրավիճակը: Վարչապետը հնչեցուցած է մտահոգութիւն Ատրպէյճանի կողմէ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթներէն շեղելու առնչութեամբ եւ վերահաստատած Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ:

Պետական քարտուղար՝ Պլինքըն մտահոգութիւն յայտնած է լարուածութեան առնչութեամբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու իրավիճակի կայունացման: