1 նոյեմբեր 2024-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի 10-րդ հանդիպումը` Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին, վերոնշեալ յանձնախումբերու միացեալ գործունէութեան մասին 30 օգոստոս 2024-ին ստորագրուած Կանոնակարգի 7-րդ յօդուածին համաձայն, կողմերը փոխանակուած են իրենց պետութիւններուն կողմէ` Կանոնակարգի ուժի մէջ մտնելու համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերու իրականացման մասին ծանուցումներով:
Հաշուի առնելով, որ Կանոնակարգի 7-րդ յօդուածով կը նախատեսուի, որ անիկա ուժի մէջ կը մտնէ այդպիսի ընթացակարգերը աւարտելու մասին վերջին գրաւոր ծանուցումը ստանալու օրը` Կողմերը արձանագրած են, որ նշուած Կանոնակարգը ուժի մէջ կը մտնէ 1 նոյեմբեր 2024-ին:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են սահմանազատման աշխատանքներու հետագայ իրականացման համար սահմանագիծի հատուածներու/հատուածամասերու հերթականութեան հարցին շուրջ: Կողմերը քննարկած են սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգի վերաբերեալ համապատասխան ուղեցոյցերու նախագիծերը:
Կողմերը համաձայնած են աշխատանքային կարգով համաձայնեցնել յաջորդ հանդիպման կատարման թուականն ու վայրը: Յանձնախումբերու հանդիպման աւարտէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւը առանձին քննարկած են փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր: