image

Մետվետեւ Զելենսքին վերացնելու կոչ ըրաւ

Մետվետեւ Զելենսքին վերացնելու կոչ ըրաւ

Այսօրուան ահաբեկչութենէն (Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի քրեմլեան նստավայրի վրայ ԱԹՍ-ներու յարձակումը - խմգ.) ետք այլ տարբերակներ չեն մնացած բացի Զելենսքիի եւ անոր խումբի ֆիզիքական ոչնչացումէն։ Այս մասին իր թելեկրամեան ալիքին գրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախկին նախագահ Տմիտթի Մետվետեւը։

«Նոյնիսկ անվերապահ անձնատւութեան ակտը ստորագրել պէտք չէ»,- ընդգծած է Մետվետեւ։

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հերքած է Ուքրանիոյ որեւէ մասնակցութիւն Քրեմլի վրայ անօդաչու թռչող սարքի յարձակման մէջ։ «Մենք չենք յարձակիր Փութինի կամ Մոսկուայի վրայ, մենք կը կռուինք մեր տարածքին մէջ»,-ըսած է Զելենսքին Հելսինքիի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին, գրած էր Reuters-ը։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ըսած է, որ Ուաշինկթընը չի կրնար հաստատել յարձակման մասին հաղորդագրութիւնը, եւ որ ռուսական պնդումները պէտք է ընդունուին «շատ մեծ թերահաւատութեամբ»:

Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի աշխատակազմը յայտնած էր, որ չորեքշաբթի գիշերը Քիեւը փորձած է անօդաչու թռչող սարքերով հարուածել Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի քրեմլեան նստավայրը: