Օրերս Սուրիական համացանցին վրայ երեւելի դարձան լուրեր, ըստ որոնց Հոմս նահանգին Յոյն Ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ խոյս տուած է երկրէն։
Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն Էլիա Թոհմէ Եպիսկոպոսը մեկնած է դէպի Յունաստան իր հետ տանելով մեծ գումարներ։
Մինչեւ այս պահը Սուրիոյ Յունաց Ուղղափառ Եկեղեցին թեմային վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարած։