image

Մեծ Շէնի բնակիչը պատմած է ինչպէս հատած է ատրպէյճանեան անցակէտը

Մեծ Շէնի բնակիչը պատմած է ինչպէս հատած է ատրպէյճանեան անցակէտը

Ատրպէյճանի կողմէ Հակարիի կամուրջի փակուելու հետեւանքով երկկողմանի շրջափակման մէջ յայտնուած Մեծ Շէն գիւղի բնակիչ Գեղամ Յարութիւնեանը այն քաղաքացիներէն է, որ անցած է ատրպէյճանական անցակէտով:

NEWS.am-ի հետ զրոյցին բնակիչը պատմած է, որ ապրիլ 30-ին Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաք գացած է սնունդ եւ անասնական կեր գնելու համար, որովհետեւ իր ունեցած պաշարներն արդէն սպառման եզրին էին:

Գեղամ Յարութիւնեանի խօսքով՝ ինքը հայկական կողմի երաշխաւորութեամբ մեկնած է Գորիս իր մեքենայով:

«Ես ռուսական կողմին չեմ դիմել, հայկական կողմին եմ դիմել, իրենց երաշխաւորութեամբ եմ գնացել»,-ըսած է Գեղամ Յարութիւնեանը:

Նշենք, որ Արցախի տեղեկատուական շտաբը ապրիլ 30-ին յայտարարած էր, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած դէպքին մէջ կ'երեւին շրջափակման մէջ յայտնուած գիւղերու բնակիչները, որոնք մնացած էին Գորիս եւ կը վերադառնային ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ:

«Անցակէտում անձնագիրս եւ մեքենայիս հետ կապուած փաստաթղթերն են ստուգել, հարցրել են՝ ինչ նպատակով էի եկել, ուր եմ գնում»,- պատմած է Գեղամ Յարութիւնեանը:

Բնակչի խօսքով՝ ատրպէյճանական անցակէտին մօտ մնացած է մօտ հինգ վայրկեան: Անցակէտին վրայ եղած է մօտ տասն ատրպէյճանցի, որոնց հետ ռուսերէն խօսած է՝ թէպէտ ատրպէյճաներէնի ալ կը տիրապետէ:

Անոր խօսքով՝ ատրպէյճանցիներն իր ապրանքները չեն բացած, բայց ստուգած են սքանաւորող սարքով: