image

Մեծ իրարանցում Թուրքիոյ մէջ. Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Պէյրութի մէջ (Տեսանիւթ)

 Մեծ իրարանցում Թուրքիոյ մէջ. Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Պէյրութի մէջ (Տեսանիւթ)

6,4 Ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը զգացուած է Թուրքիոյ Անտիոք շրջանին մէջ։ 

 Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ եղած երկրաշարժին հետեւանքով եւ մասնաւորապէս Հաթայ շրջանին մէջ տասնեակ կիսափուլ շէնքեր փլուզուած են։

 

 Երկրաշարժը նաեւ զգացուած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։

Պէյրութի արուարձաններուն մէջ քաղաքացիներ փողոց իջած են, իսկ Թրիփոլի քաղաքին մէջ դէպի օդը կրակ բացուած է, որպէսզի բնակիչները վար իջնեն բարձրայարկ շէնքերէն։

Կը նշուի նաեւ, որ հարիւրաւոր քաղաքացիներ հաւաքուած են Պէյրութի կեդրոնական հրապարակները հեռու մնալու համար բարձրայարկ շէնքերէն։