ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն միասնական դաշինքով մասնակցելու մասին յայտարարած ՀՅԴ, «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնները, որոնց նախընտրական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Արցախի առաջին նախագահ, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը 9 մայիսին, ժամը 16։00–ին կը հրաւիրեն Ազատութեան հրապարակ՝ իրենց առաջին հանրահաւաքին։
Դաշինքը հանրահաւաքի մասին ազդարարող երկու տեսահոլովակ տարածած է։ Ազատութեան հրապարակին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Ռոպերթ Քոչարեանը։
Նշենք, որ դաշինքով արտահերթին մասնակցելու մասին ուժերը յայտարարած են 6 Մայիսին։
«Հաշուի առնելով Հայաստանում եւ Արցախում ստեղծուած օրհասական վիճակը, ելնելով գաղափարակից եւ համախոհ քաղաքական ուժերի հետ միասնաբար հանդէս գալու անհրաժեշտութիւնից՝ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը որոշում է կայացրել հնարաւոր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններին մասնակցել Հայ յեղափոխական դանակցութեան հետ նախընտրական դաշինքով, որը կը գլխաւորի Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։