Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն կ՚առաջարկէ ամբողջ աշխարհի հայերուն համախմբուիլ եւ մետիա արշաւ սկսիլ Պաքուի մէջ նոյեմբերին կայանալիք ՄԱԿ–ի կլիմայի փոփոխութեան 29-րդ համաժողովի (COP29) դէմ։ Ան այս մասին բաց նամակ գրած է ու հրապարկած X-ի իր էջին։
Ան առաջարկած է մետիա արշաւի ժամանակ օգտագործել #COP29 եւ #StopGreenwashGenocide, #FreeArmenianHostages կամ #FreePoliticalPrisoners հեշթեկները։
«Այս հեշթեկներու օգտագործմամբ ընկերային ցանցերու մետիայի ամենօրեայ գրառումները թափ կը հաւաքեն, կը ներգրաւեն այլ համայնքներ եւ կը գրաւեն հիմնական լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Այս համակարգուած ջանքերը կը ստիպեն COP29–ին մասնակցող լրագրողներուն, պատուիրակներուն եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն Ատրպէյճանէն ստանալ պատասխաններ հայ պատանդներու եւ քաղբանտարկեալներու վերաբերեալ»,– իր բաց նամակին մէջ գրած է Օքամփօն։
Ան նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած է այն քաղաքացիական շարժումներուն, որոնք մարտահրաւէր կը նետեն համաժողովին։ Օքամփօն վստահ է, որ համախմբելով համաշխարհային հանրութիւնը՝ հայերը կրնան հասնիլ անոր, որ COP29–ի մէջ քննարկուին ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան խնդիրները, այլեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան հարցերը:
Յիշեցնենք, որ 2024-ի նոյեմբերին Պաքուի մէջ նախատեսուած է ՄԱԿ–ի կլիմայի փոփոխութեան (COP) 29-րդ համաժողովը։ Նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն` համաժողովը պէտք է հիւրընկալէր Հայաստանը։ Բայց 2023–ի տարեվերջին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու աշխատակազմերը յայտարարութիւն հրապարակեցին, ուր ըսուած էր, որ համաժողովը կայացնելու յայտը Երեւանը կը զիջի Պաքուին։ Նոյն պայմանաւորուածութեան համաձայն`Ատրպէյճանը Հայաստանին վերադարձուց 32 հայ ռազմագերիներ, իսկ Հայաստանը Ատրպէյճանին` ատրպէյճանցի 2 սահմանախախտներ, որոնցմէ մէկը կը մեղադրուէր «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի պահակը սպանելու համար։