image

«Մեր տան օճախը մարեցիր, զաւակս...».Անի Պալեան-Կէտիկեան

 «Մեր տան օճախը մարեցիր, զաւակս...».Անի Պալեան-Կէտիկեան

 Շուրջ  ամիս մը առաջ «Արեւելք»  մանրամասնօրէն  գրած էր    հալէպահայ  երիտասարդ Մհեր  Կէտիկեանի  տխուր մահուան մասին։

 Վաղահաս մահ մը, որ ցնցած էր  վերջին տարիներուն Հալէպէն Երեւան փոխադրուած  շրջանակները։Տխուրն  այն էր առաւելաբար, որ  կեանքի  ապահով երդիք մը ունենալու ճիգով    ծննդավայր Հալէպը թողած Մհերը կարեւոր  ջանքեր գործադրած էր   ասպարէզ մ՚ունենալու եւ անոր  ճամբով  բարեկեցիկ  կեանք մը վարելու համար,  սակայն դարանակալ  մահը վրայ  հասած էր   ու    խորունկ  թախիծ պատճառած   Մհերի    ընտանեկան  պարագաներուն ու նաեւ ընկերական լայն շրջանակին։

Որպէս    սիրոյ արտայայտութիւն  այս     թողարկումով մեր  ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  Մհեր Կէտիկեան վշտահար մօր ՝ Անի Պալեան Կէտիկեանի սրտի խօսքը։

 

Զաւակի կորուստը տղաս, անմարդկային ցաւ մըն է, որ կարելի չէ բառերով բացատրել, կրակ մըն է, որ կը վառի սրտիս մէջ ու բնաւ չի հանդարտիր, չի թեթւնար, չի մարիր... Ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան քեզ կը տեսնեմ շուրջս, ամէն կողմ քեզի յիշեցնող բան մը կայ, ձայնդ, խօսքերդ ականջիս եւ ուղեղիս մէջն են, չեն դադրիր, չեն լռեր... ա՜խ ով Տէր, դուն կ'ըսես, որ կարողութենէդ աւելի մեծ ցաւ պիտի չտամ ձեզի, բայց ասի իմ կարողութենէս շա՜տ,  շա՜տ վեր է... Անսահման կարօտ մըն է, որ կը կրծէ սիրտս ու հոգիս, անհանդուրժելի, անմխիթարելի ու անբացատրելի։ Ինչո՞ւներու շարան մը կայ մտքիս մէջ, որոնց պատասխան չեմ գտներ` ինչո՞ւ իմ զաւակս, ինչո՞ւ է աս անմարդկային ցաւը, ինչո՞ւ ասքան շուտ հեռացար մեզմէ, ինչո՞ւ եւ ինչո՞ւ...

Քեզմէ ետք, տղաս, ամէն ինչ իմաստազրկուած է, կեանքին համն ու հոտը կորած է, վայրկեաններն ու օրերը ծանր-ծանր կը ճնշեն սրտիս վրայ ու կ'անցնին, չեմ հասկնար ոչ մէկ բան...

Մեր տան օճախը մարեցիր, զաւակս, եւ իմ սրտիս մէջ կայծեր դրիր ու գացիր..

 

 Գրեց՝ Անի Պալեան-Կէտիկեան