image

Մեր երկրի ընդերքի ներուժը, մետաղահանութիւնը եւ մամուլի պայքարը

Մեր երկրի ընդերքի ներուժը, մետաղահանութիւնը եւ մամուլի պայքարը

Կասկածէ վեր է, որ այսօրուան աշխարհին մէջ հիմնարար դիրք ու տեղ կը գրաւէ տեղեկատւութիւնը։

Տպագիր մամուլի, հեռուստատեսութեան, հանրային կարծիք ձեւաւորուելու բայց մանաւանդ համացանցային հարթակներով տարբեր թեմաներու առնչուած նիւթերն ու լուրերը իրողապէս ներուժը ունին ազդելու հասարակութեան մօտեցումներուն վրայ։ 

Այս մասին հայութիւնը իր տարբեր շերտերով յստակ պատկերացում մը կազմեց մասնաւորապէս Արցախի պատերազմի ժամանակ, երբ Հայաստանը շրջապատող եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները սկսան շատ մօտէն հետեւիլ զարգացումներու նաեւ հասկնալի հետաքրքրութիւն մը ցուցաբերել։ 

 Մինչ զարգացումներու մեծ բեռը ու ապա դէպքերու թաւալքը կը շարունակէ նոր ճանապարհներ բանալ հանրութեան մտասեւեռումներուն վրայ, անդին մեզմէ շատեր կուզեն հաւատալ, որ պայքարը աւարտած է։

 Ու այդ առումով ալ յաճախ մոռացութեան կը տրուին այնպիսի կենսական ու կարեւոր թեմաներ, որոնք ունին իսկական ուժ մը Հայաստանը դարձնելու աւելի հետաքրքրական եւ ուրոյն առանձնայատկութիւններով երկիր մը։

 Այդ ուրոյն գիծին մէջ անշուշտ իր հիմնաւոր դիրքն ու տեղը ունի Հայաստանի բնական հարստութիւններու թեման, որ այսօրուան դրութեամբ եւ կապուած համաշխարահային նոր միտումներուն հետ պէտք է դառնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար առանցքային նիւթ մը։

 Երկրի ընդերքի հարց- բնական հարստութիւններու առանցք, փոխարինող մետաղներու հարստութիւն, բայց մանաւանդ ու յատկապէս «Կանաչ ներուժ» ստեղծելու եւ ներկայացնելու ունակութիւն։

 Այս առումով ալ նոյն այդ պայքարի ծիրին մէջ Հայաստանն առաջնային ընելիք ունի աշխարհին ցոյց տալու, ոչ միայն իր ունեցած կարելիութիւնները, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր ընդերքին, մետաղահանութեան եւ եւ այդ մետաղներն ու հանքերը ճիշդ մօտեցումներով մշակելու, ներկայացնելու ու պահպանելու միտումներն ու քայլերը, որոնք խորքին մէջ մամուլի մեծ պայքարին մաս պէտք է կազմեն։

 Ու մինչ Ատրպէյճան կը շարունակէ ու դեռ ալ պիտի շարունակէ բոլոր առումներով աղարտել, կամ ապականուած ներկայացնել Հայաստանի ընդերքն ու հնարաւորութիւնները, անդին Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը տէրութիւններ պատրաստակամ են գործակցութեան նոր հուներ ստեղծել Հայաստանի հետ։

 Ու այդտեղ է, որ մեր երկիրը, ընդերքի հարցերով նուիրականացած կազմակերպութիւններն ու հանրային կարծիք կերտող լրագրողական համայնքը մեծ ընելիքներ ունին։

 Ընելիքներ, որպէսզի ճիշդ ներկայացուի Հայաստանի իրական պատկերը ու այդպիսով ալ բացուին նոր կանաչ ճանապարհներ՝ յանուն «Կանաչ ջերմուժ»ի եւ ի խնդիր այդ ոլորտներու կայուն զարգացման։

 Ի դէպ այս թեմաներուն մասին օրերս հայրենի «Նիւզ.ամ» կայքին խօսած է Հայաստանի հանքագործներու միութեան նախագահ «ԶՊՄԿ»ի գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ Վարդան Ջհանեան։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք նշեալ զրոյցին հիմնական հատուածը։ 

-Պարոն Ջհանեան, Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ-ի հանքարդիւնաբերութեան թիրախաւորումը ոչ միայն չի թուլանար, այլ նաեւ կը ստանայ նոր երանգներ։ Վերջերս Ատրպէյճանի մէջ գործող Environmental Protection First (EPF) «ոչ կառավարական» դաշինք կոչուած միաւորումը ներկայացուցած է «Հայաստանի Հանրապետութեան հանքահումքային պաշարները» քարտէզը, որ կազմուած է ատրպէյճաներէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով։ Դուք այստեղ վտանգ կը տեսնէ՞ք։

Չէի ցանկար, որ մենք հանքարդիւնաբերութեան հարցով պաշտպանուողի դերի մէջ ըլլայինք։ Դուք կը հարցնէք՝ վտանգ կը տեսնե՞մ։ Անկեղծ ըսեմ՝ ես այստեղ հնարաւորութիւն կը տեսնեմ։ Բոլորիս համար ասիկա հնարաւորութիւն է հասկնալու հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի ներուժը։ Ցաւօք, մենք տասնամեակներ շարունակ, որպէս հասարակութիւն այդ մէկը չենք հասկցած։ Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան լրջօրէն կ'աշխատի ՀՀ-ի տնտեսական յենասիւներուն դէմ։ Եւ հանքարդիւնաբերութիւնն առաջին թիրախն է։ Գոնէ այս պէտք է ակնյայտ դարձնէ պարզ ճշմարտութիւնը, որ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութիւնը մեր երկիրին իրական տնտեսական յաջողութիւն բերելու մեծ ու չօգտագործուած ներուժը ունի։

 

-Բայց չէ որ Հայաստանի մէջ միշտ զգալի ծաւալ եղած է հանքարդիւնաբերութիւնը, բայց արդիւնքները այնքան ալ տեսանելի չեն եղած, եւ անով պայմանաւորուած է հայ հանրութեան թերահաւատ վերաբերմունքը անոր արդիւնքներուն հանդէպ։

Համաձայն չեմ։ Թերահաւատ վերաբերմունքը պայմանաւորուած եղած է հիմնականին՝ տարածուող կեղծիքով, սկսեալ հանքարդիւնաբերութեան ծաւալներու մասին ապատեղեկատուութենէն։ Չեմ գիտեր՝ եթէ միտումնաւոր այս ապատեղեկատուութիւնը կը տարածուէր, թէ անտեղեակութեան հետեւանքով, բայց տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններ կը խօսէին, օրինակ, հարիւրաւոր հանքերու մասին, իսկ մարդիկ կը լսէին ու կը մտածէին, թէ իսկապէս, եթէ այդքան հանք կայ, ինչո՞ւ արդիւնքն աւելի տեսանելի չէ։ Իրականութեան մէջ՝ Հայաստանի մէջ գործող կայ ընդամէնը 5-6 մետաղական հանք, ընդ որում խոշոր միակ հանքը ԶՊՄԿ-ն (Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ) է, որ ողջ ծաւալով կ'աշխատի։ Հայաստանի մէջ 30 տարուան անկախութեան ընթացքին ընդամէնը մէկ նոր հանք յայտնագործուած է, այն ալ շինարարութիւնը կիսատ մնացած։ Մենք չենք օգտուած մեր ներուժէն, բայց դեռ հնարաւորութիւն կայ օգտուելու, եւ այդ է կարծեմ, որ կ'անհանգստացնէ մեր հարեւանները, ու այդ նաեւ մեզի համար մտածելու ու գործելու առիթ պէտք է ըլլայ։

 

-Ինչպէ՞ս հնարաւոր է օգտուիլ այդ ներուժէն։

Ներգրաւելով նոր ներդրումներ, իրականացնելով նոր հետախուզական աշխատանքներ, ընդլայնելով, բարձրացնելով գործող ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը։ Տարբեր վերլուծութիւններ կան, որ առաջիկայ տարիներուն աշխարհի մէջ շեշտակի պիտի աճի մետաղներու, ներառեալ պղինձի պահանջարկը։ Արեւային վահանակներու, ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութիւնը եւ համաշխարհային ողջ բնապահպանութիւնը կամ կանաչ արդիւնաբերութիւնն այսօր չի կրնար գոյատեւել առանց պղինձի եւ այլ մետաղներու, որոնց պահանջարկը հետզհետէ պիտի աճի։ Ասկէ կարելի է օգտուիլ, ներդրումներ ներգրաւել, նաեւ արդիականացնել ոլորտը։ Բնական է, որ այս ամէնը հաշուի առնելով, Ատրպէյճան ամէն ինչ պիտի ընէ, որ կանխէ Հայաստանի տնտեսական այս հսկայական հնարաւորութեան զարգացումը։ 

 

-Ձեր ըսածէն կարելի է եզրակացնել, որ պղինձը 21-րդ դարուն մէջ իր կարեւորութեամբ կը հաւասարի նաւթին, իսկ որոշ առումներով նաեւ կը գերազանցէ այն։

Ոչ միայն պղինձը։ Այսօր աշխարհի ամենակարեւոր պայքարը պաշարներու համար պայքարն է։ Այո, եթէ տարիներ առաջ այդ պաշարը նաւթն ու կազն էին, այսօր այդ հաւասարաչափ նաեւ պղինձն է, նաեւ հազուագիւտ մետաղները։ Հայաստանի մէջ նոր հետախուզման բազմաթիւ հնարաւորութիւններ կան, բայց մենք այսօր նոյնիսկ մէկ, առնուազն ինծի յայտնի, լիթոնի (լիթիում), կոբալտի կամ այլ արդիական մետաղներու հետախուզման ներդրում չունինք։ Նոյնիսկ նաւթային գերտէրութիւններն արդէն մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն գունաւոր մետաղներու արդիւնաբերութեան զարգացման։ Օրինակ՝ անցեալ ամիս Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան վարկային ծրագիրներու գրասենեակը յայտարարեց, որ ֆինանսական միջոցներ պիտի տրամադրէ նաեւ կարեւոր օգտակար հանածոներու արդիւնահանմամբ զբաղող հանքարդիւնաբերական նախագիծերուն, ինչ որ անգամ մը եւս կ'ապացուցէ, որ զարգացած պետութիւնները քայլեր կը ձեռնարկեն գունաւոր մետաղներու արդիւնաբերական խումբերու հզօրացման ուղղութեամբ։ Հարեւան Ատրպէյճանի մէջ գործող բրիտանական հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնն այնտեղ կ'արդիւնահանէ ոսկի, արծաթ եւ պղինձ, նաեւ շուտով հասանելութիւն կը ստանայ Արցախի հանքավայրերուն։ («Anglo Asian Mining»-ին կը պատկանի Ատրպէյճանի մէջ 8 պայմանագրային տարածքներու շահագործման իրաւունքը, անոնց կարգին՝ բռնագրաւուած Արցախի Դրմբոնի ոսկիի եւ Կաշենի պղնձամոլիպտենային հանքավայրերը.- խմբ․)։

 

-Ատրպէյճանի մամուլը ողողուած է այս տարուան նոյեմբերին կայանալիք COP29-ի թեմայով։ Ատրպէյճանը կը ներկայացուի որպէս «կանաչ» պետութիւն։ Պետական մակարդակով տարուող քարոզն աւելի արժանահաւատ դարձնելու համար «ներգրաւուած» են նաեւ արտասահմանեան փորձագէտներ։

Գիտէք՝ շատ զաւեշտալի է, երբ կը կարդաս այդ նիւթերը։ Նայելով, թէ ինչքան աղտոտած է Ապշերոնեան թերակղզին՝ «կանաչ» Ատրպէյճանը աւելի հաւանական է սեւ կամ շագանակագոյն է։ Սակայն, ցաւօք, ես կ'ակնկալեմ, որ հայաստանեան ակտիվիստ կազմակերպութիւններու շատ հրապարակումներ տեղ պիտի գտնեն COP29-ի (2024-ի Մակի Կլիմայի փոփոխութեան մասին գագաթնաժողով.- խմբ.) ատրպէյճանական փորձագէտներու զեկոյցներուն մէջ։ Անշուշտ, իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որ գագաթնաժողովի մասնակիցներուն ցոյց տան ՀՀ-ի հանքարդիւնաբերութեան «վնասակար ըլլալը»։ Մինչդեռ, ի տարբերութիւն հարեւան երկիրներուն՝ ՀՀ-ի մէջ աւելի շատ ուշադրութիւն կը դարձուին բնապահպանական խնդիրներուն պետական մակարդակով: Եւ մեր մամուլի միջոցով մենք պէտք է ցոյց տանք մեր տարած աշխատանքն այդ ուղղութեամբ։ Տեսէք՝ Ատրպէյճանը չեղածն ու չըրածը ըրածի պէս կը մատուցէ աշխարհին, իսկ մենք մեր ըրածները չենք կրնար տեղ հասցնել նոյնիսկ մեր տեղական լսարանին, ինչ որ լուրջ խնդիր է։ Այստեղ պետութիւնը եւս մեծ ընելիք ունի։

 

 

Նիւթը հրատարակութեան պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը։